ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցած աւանդական զրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով Վարդան Օսկանեանը անձեռնմխելիութենէ զրկելու երեւոյթին՝ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան անգամ մը եւս յիշեցուց Դաշնակցութեան յստակ դիրքորոշումը՝ «Քաղաքական ենթատեքստ ակնյայտ էր, ակնյայտ են նաեւ քաղաքական հետապնդման նշանները»:
«Եթէ Օսկանեանը չմտնէր քաղաքականութիւն, դատախազը չէր մտնի ԱԺ», յայտարարեց ան։
Պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ այդ մասին քուէարկութեան օրը արդեօք սխալ չէ՞ր Ծառուկեանի բացակայութիւնը՝ դաշնակցական պատգամաւորը ըսաւ, որ Ծառուկեանի բացակայութեան պատճառը չի գիտեր, բայց եւ այնպէս, անոր ներկայութիւնը տրամաբանական պիտի ըլլար:
Աղուան Վարդանեան Օսկանեանը անձեռնմխելիութենէն զրկելու գծով Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի արձագանգին չուզեց անդրադառնալ՝ նշելով, որ յայտարարութեան մէջ ամէն ինչ ըսուած է։
Ա. Վարդանեան դիտել տուաւ նաեւ, որ ինք տեղեկութիւն չունի այն մասին, որ այս կամ այն կուսակցութիւնները գաղտնի հանդիպումներ կ՛ունենան։ Խօսելով նախագահական ընտրութիւններուն մասին՝ ան անգամ մը եւս յիշեցուց, թէ Դաշնակցութիւնը իր մօտեցումները յստակօրէն բանաձեւած է եւ՝ «անձերու խնդիր չի քննարկուիր»: Աղուան Վարդանեան ներկայ դրութեամբ միասնական թեկնածուի նախանշաններ չի տեսներ, բայց կը կարծէ, որ իրադրութիւնը կրնայ փոխուիլ: