ԵՐԵՒԱՆ.- Վերջերս տեղի ունեցաւ «Առաքելութիւն Արեւելք» դանիական մարդասիրական օգնութեան կազմակերպութեան Հայաստանի մէջ ծաւալած գործունէութեան 20ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն, որուն ներկայ էին հիւրեր Դանիայէն, Հայաստանի կառավարութենէն, Ազգային ժողովի քաղաքական գործիչներ, միջազգային եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Այս առիթով կազմակերպութեան հիմնադիր տնօրէն Քիմ Հարցներ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի կողմէ պարգեւատրուեցաւ յուշամետալով՝ Հայաստանի կրթութեան եւ առողջապահութեան ոլորտին մէջ ունեցած մեծ ներդրումին համար: Անոր շնորհակալագիր յանձնեց նաեւ առողջապահութեան նախարարութիւնը՝ Հայաստանի մէջ կազմակերպութեան կատարած աշխատանքին եւ ունեցած ներդրումներուն համար: «Արաբկիր» բժշկական համալիրը «Առաքելութիւն Արեւելք» կազմակերպութեան ողջ անձնակազմին՝ ի դէմս կազմակերպութեան հայաստանեան մասնաճիւղի տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեանի, յանձնեց շնորհակալագիր՝ Հայաստանի առողջապահական ոլորտի զարգացման իմաստով ունեցած բացառիկ աւանդի համար:
Հայաստանի մէջ կրթական, առողջապահական եւ ընկերային բնագաւառներուն մէջ կազմակերպութեան ներդրումը քսան տարիներուն ընթացքին եղած է մօտ 30 միլիոն տոլար:
«Առաքելութիւն Արեւելք» դանիական մարդասիրական օգնութեան կազմակերպութեան հայաստանեան մասնաճիւղի տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեան անդրադարձած է 20 տարիներու գործունէութեան եւ նշած է. «Մեզի համար այս քսան տարիները պատուաբեր եւ յաջողութիւններու տարիներ են: Իրականացնելով բազմաթիւ ծրագիրներ՝ մեր կազմակերպութիւնը համագործակցած է թէ՛ Հայաստանի կառավարութեան եւ թէ՛ հասարակական կազմակերպութիւններուն հետ, յատկապէս՝ «Յոյսի կամուրջ» հասարակական կազմակերպութեան եւ «Արաբկիր բժշկական կենտրոն»ի հետ՝ նպաստելով կրթական, առողջապահական, ընկերային ոլորտներու բարեփոխումներու իրականացման եւ արդիւնաւէտ քաղաքականութեան մշակման: Մեծապէս շնորհակալ ենք քսան տարիներուն ընթացքին մեզի հետ համագործակցող բոլոր գործընկերներուն»: