ՏԵՆՎԻԼ, Քընթաքի.- Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 11ի երեկոյեան պատկերասփռուած Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահի պաշտօնի թեկնածուներ Ճօ Պայտընի եւ Փօլ Ռայընի միջեւ բանավէճը աւելի փոթորկոտ էր, քան նախորդ շաբաթ տեղի ունեցած նախագահի պաշտօնի թեկնածուներուն միջեւ բանավէճը:
Մինչ Ռայըն կը փորձէր պաշտպանել Հանրապետական կուսակցութեան նախագահական թեկնածուի դիրքերը, Պայտըն ծիծաղով կը հետեւէր անոր ու յաճախ ճշդումներ կը կատարէր: Օրինակի համար, ան «թուաբանականօրէն անկարելի» որակեց Ռայընի այն պնդումը, թէ կարելի պիտի ըլլայ պետական պարտքը նուազեցնել՝ միաժամանակ նուազ տուրք գանձելով բոլոր ամերիկացիներէն եւ անփոփոխ պահելով ռազմական ամավարկը:
Հակառարկ հանդիսավարին քանի մը հարցումներուն, Ռայըն մանրամասնութիւններ չտուաւ տուրքերու սոյն ծրագիրին մասին, մինչ Պայտըն յստակացուց, թէ նախագահ Պարաք Օպամայի նպատակն է անփոփոխ պահել միջին դասակարգի տուրքերու բեռը՝ միաժամանակ յաւելեալ տուրքեր գանձելով մէկ միլիոն տոլարէ աւելի եկամուտ ունեցող քաղաքացիներէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.