ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Շաբաթ, Նոյեմբեր 3ին կայանալիք Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական ազգային վարժարանի տարեկան ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսը պիտի ըլլայ գանատահայ դերասանուհի Էն Պետեան (Անի Նահապետեան):
Մոնթրէալ ծնած դերասանուհին, որ տեղւոյն աշխոյժ հայ համայնքին մէջ հասակ նետած է, 17 տարեկանին որոշած է միանալ Գանատայի զինեալ ուժերուն եւ 3 տարի ծառայած է ծովուժին մէջ: Ապա ան հաշուապահութիւն ուսած է «Քոնքորտիա» համալսարանին մէջ, մինչեւ «վարակուիլը դերասանութեան ախտով»: Ան իր դերասանական ասպարէզը սկսած է Գանատայի պատկերասփիւռին համար պատրաստուած ֆիլմերով, ապա Նիւ Եորքի ճամբով հասած է Հոլիվուտ, 2006ին: Ան աշխատած է Լերի Տէյվիտի, Ճէյ.Ճէյ. Էպրըմզի ու Քեւըն Պէյքընի նման արտադրիչներու եւ դերասաններու հետ:
Իր 32րդ տարի թեւակոխած «Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական»ի սոյն ձեռնարկին տոմսերու սակը 125 տոլար է, շրջանաւարտներու համար՝ 75, իսկ 21 տարիքը չբոլորած աշակերտներու եւ ուսանողներու համար՝ 50:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տոմսեր ապահովելու համար դիմել (415) 586-8686 թիւին կամ այցելել www.kzv.org կայքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.