Ինչպէս տեղեկացուցած էինք արդէն, որ շուրջ շաբաթէ մը ի վեր Հռոմի Պենետիքթ 16րդ պապի հրաւէրով ու նախագահութեամբ, Վատիկանի մէջ տեղի կ՛ունենայ Եպիսկոպոսաց համագումար «Նոր Աւետարանչութիւն՝ ի խնդիր քրիստոնէական հաւատքի տարածման» բնաբանով: Յիշեալ համագումարին ուղղած իր պատգամին մէջ Արամ Ա. վեհափառը կ՛անդրադառնայ աւետարանչութեան նոր մղում տալու անհրաժեշտութեան: «Աւետարանչութիւնը, այլ խօսքով քրիստոնէական արժէքներու ու սկզբունքներու տարածումը, եկեղեցւոյ գոյութեան պատճառն է: Անիկա Քրիստոսի կողմէ տրուած պատուէր է եկեղեցւոյ:
Անհրաժեշտ է ընդառաջել այդ պատուէրին, յատկապէս հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու անկում ապրող ներկայ ընկերութեան կեանքին մէջ, վերանորոգելով եկեղեցւոյ յանձնառութիւնը՝ ի խնդիր քրիստոնէական առաքելութեան ու աւետարանչութեան առաւել ազդու կենսագործման: Սա մեծագոյն հրամայականն է այսօր եկեղեցւոյ դիմաց», կ՛ըսէ վեհափառը՝ աւելցնելով. «Եկեղեցւոյ աւետարանչական կոչումին հզօրացումը միայն կաթոլիկ եկեղեցւոյ առնչուած խնդիր չէ. անիկա համաքրիստոնէական առաջնահերթութիւն է: Բոլոր եկեղեցիները կոչուած են, իւրաքանչիւրը տեղական պայմաններուն համապատասխան մօտեցումով, յատուկ կարեւորութիւն ընծայելու հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու տարածման: Սա դիւրին առաքելութիւն մը չէ, Համաշխարհայնացման ժխտական ուժերով լեցուն ներկայ աշխարհին մէջ: Սակայն հակառակ այս իրողութեան եկեղեցին պէտք է հաւատարիմ մնայ իր կոչումին»:
Հայրապետը իր պատգամի աւարտին կ՛ողջունէ Պենետիքթ 16րդ պապին նախաձեռնութիւնը, իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ուղղած իր հրաւէրին համար յիշեցնելով, որ եկեղեցիներ առաւելագոյն չափով պէտք է գործակցին իրենց առաքելութեան ու աւետարանչութեան ճամբուն վրայ:
Վեհափառին պատգամը համագումարին կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Մասիս վրդ. Զօպույեան, ներկայութեամբ Պենետիքթ 16րդ պապին: Յայտնենք, որ հայր սուրբը նաեւ պապին ներկայացուց վեհափառ հայրապետին եղբայրական ողջոյնները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.