
ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 6ի ընտրութիւնները դարձեալ ցոյց տուին, որ Քալիֆորնիա նահանգը կը շարունակէ մնալ դեմոկրատներու միջնաբերդը: Նախագահ Պարաք Օպամայի ընտրութեան 55 պատգամաւոր շնորհած նահանգին մէջ, դեմոկրատ կառավարիչ Ճերի Պրաունի՝ տարեկան 6 միլիառ տոլար յաւելեալ տուրք գանձելու առաջադրութիւնը (թիւ 30) յաղթանակ ապահովեց, հակառակ անոր դէմ մղուած միլիոնաւոր տոլարի պայքարին, որուն միացած էին նաեւ նահանգէն դուրս խմբակներ:
Հայ Դատի աջակցութիւնը վայելող Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի թեկնածուներ Խաչօ Աշաճեան (հանրապետական) եւ Ատրին Նազարեան (դեմոկրատ) յաղթանակներ արձանագրեցին՝ խլելով յաջորդաբար քուէներուն 61.4 ու 70.6 տոկոսները, մինչ Կրեկ Գրիգորեան (դեմոկրատ) պարտուեցաւ (39.5 տոկոս): 43 ընտրատարածքին մէջ տեղի ունեցած այս վերջին ընտրապայքարը կեղծիքի շուքին տակ մնաց, որովհետեւ անոր մրցակիցին՝ Մայք Կաթոյի, ընտրապայքարին կողմէ հայերուն ուղղուած էր սուտ կոչեր, որոնց մէջ ըլլալով Գրիգորեանին ի նպաստ չքուէարկելու կոչ:
Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի ընտրութիւններուն, Հայ Դատի աջակցութիւնը վայելող Քերոլ Լիու եւ Ֆրեն Փաւլի եւս յաղթանակներ արձանագրեցին:
Քոնկրեսի հայազգի թեկնածուներ Անա Էշու եւ Ճեքի Սփիր եւս վերընտրուեցան: Վերընտրուեցան նաեւ Էտըմ Շիֆ եւ Էտ Ռոյս:
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի պայքարին մէջ, ծերակուտական Տայան Ֆայնսթայն նոյնպէս դիւրին յաղթանակ մը ապահովելով՝ վերընտրուեցաւ իր պաշտօնին:
Թիւ 30 առաջադրութիւնը, որ կը վայելեր Հայ Դատի աջակցութիւնը, խլեց քուէներուն մօտաւորապէս 54 տոկոսը: 2004էն ի վեր ասիկա առաջին անգամն էր որ քալիֆորնիացիները իրենց կամքով նահանգային տարածքի տուրքերը բարձրացնելու առաջարկութիւն մը կը վաւերացնեն: Կրթական մարզի կրճատումներուն առաջքը առնելու նպատակով, յառաջիկայ չորս տարիներուն վաճառքի տուրքը քառորդ տոկոսով պիտի բարձրանայ, մինչ մեծահարուստները յառաջիկայ 7 տարիներուն յաւելեալ տուրք պիտի վճարեն:
Նահանգի Ծերակոյտին եւ խոր-հրդարանական ընտրութիւններով եւս դեմոկրատները իրենց դիրքերը զօրացուցին եւ կրցան երկու պարագաներուն ալ ապահովել քուէներուն երկու երրորդ մեծամասնութիւնը, ինչ որ առիթ պիտի ընծայէ տուրքերու բանաձեւեր վաւերացնելու՝ առանց հանրապետականներու աջակցութեան:
Այդ ընտրապայքարներէն ամենասուրը մղուեցաւ երկու դեմոկրատներու միջեւ, որոնք ընտրատարածքներու վերադասաւորման պատճառով՝ իրարու դէմ մրցելու պարտադրանքին տակ մնացած էին: Պայքարը աւարտեցաւ Պրետ Շըրմընի յաղթանակով, երբ Հաուըրտ Պըրմըն ընդունեց իր պարտութիւնը, 13 միլիոն տոլար արժած ընտրապայքարէ մը ետք:
Նաեւ, բանուորական միութիւնները կրցան պարտութեան մատնել թիւ 32 առաջարկութիւնը, որ պիտի արգիլէր միութեանց անդամներուն ամսականներէն ուղղակի կրճատումներ կատարելը՝ անդամավճարներու համար:
Լոս Անճելըս գաւառին մէջ դատախազ Ճեքի Լէյսի հանդիսացաւ առաջին կին ու սպիտակամորթ թեկնածուն, որ կ՛ընտրուի շրջանային դատախազ՝ պարտութեան մատնելով այդ պաշտօնի տեղակալ Ալեք Ճեքսընը, որ կը վայելէր Հայ Դատի աջակցութիւնը: