
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Երկիր Մեդիա».- 14 Նոյեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ արցախցի խորհրդարանականներուն հանդիպումը ճանաչողական այցելութեամբ Արցախ գտնուող Ուրուկուէյի խորհրդարանի նախագահ Խորխէ Օրիքոյի եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան անդամներուն հետ: Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Օրիքօ, տարբեր նիւթերու կողքին, յատկապէս լուսարձակի տակ առաւ այն, որ Ուրուկուէյի մէջ կ՛ընդունին եւ կը հասկնան, թէ այլ ժողովուրդներ եւս ինքնորոշման օրինական փափաք ունին։
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան անդամներ, գերագոյն դատարանի նախագահը, մարդու իրաւունքներու պաշտպանը, պետական եւ հանրային կառավարման այլ կառոյցներու ներկայացուցիչներ, Ազգային ժողովի աշխատակազմի անդամներ եւ լրա-գրողներ:
Հանդիպումին բացումը կատարելով՝ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան երկրի իշխանութիւններուն եւ յատկապէս Ազգային ժողովին անունով ջերմօրէն ողջունեց Խորխէ Օրիքոյին եւ անոր գործընկերներուն՝ պատգամաւորներ Ռուբեն Մարտինես Ուելմոյին, Տանիէլ Ռատիոյին, Ռիքարհօ Փլանշոնին, Ռիչըրտ Սանտերսին եւ անոնց ընկերակցողներուն այցելութիւնը:
Յիշեցման կարգով յայտնելով, որ Խորխէ Օրիքօն կը ներկայացնէ Լատինական Ամերիկայի մէջ գտնուող հեռաւոր երկիր ու ժողովուրդ մը, որ շուրջ մէկ դարու բարեկամական սերտ կապեր եւ առնչութիւններ ունի հայ ժողովուրդին հետ՝ Ազգային ժողովի նախագահը ըսաւ. «Խորը երախտագիտութեան զգացումով միայն պէտք է նշել, որ Ուրուգուայն աշխարհի առաջին երկրներից էր, որը, առաջնորդուելով զուտ մարդասիրական սկզբունքներով, առանձնայատուկ հոգածութեամբ ապաստան տուեց անցեալ դարասկզբին՝ 1915 թուականին, Օսմանեան Թուրքիայում տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան ճիրաններից մազապուրծ մեր հազարաւոր հայրենակիցներին, նրանց հնարաւորութիւն տալով իր հիւրընկալ հողում նոր կեանք կերտելու, ապահով ու արժանավայել ապրելու համար: Յուրախութիւն մեզ, այսօր Ուրուգուայի հոծ հայկական համայնքը երկրի սոցիալ-տնտեսական ու մշակութային կեանքի զարգացման ու պետականութեան ամրապնդման բաւական գործուն դերակատարներից մէկն է, ինչի մասին տարբեր ժամանակներում բազմիցս գոհունակութեամբ նշել են Ուրուգուայի Արեւելեան Հանրապետութեան ղեկավարները, հասարակական ու քաղաքական գործիչները»:
Ա. Ղուլեան նաեւ շեշտեց, որ Ուրուկուէյը աշխարհի առաջին երկիրն է, որ 1965 թուականին պետականօրէն ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ այսպիսով փաստօրէն սկիզբ դնելով 20րդ դարուն մարդկութեան դէմ կատարուած այդ մեծագոյն ոճրագործութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացին:
Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան նաեւ նշեց, որ Ուրուկուէյի Հանրապետութիւնը աշխարհի առաջին երկիրներէն է, որ 1992 թուականի Մայիսի 27ին ճանչցաւ եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատեց անկախ, ինքնիշխան Հայաստանի Հանրապետութեան հետ. ան աւելցուց, որ հայ ժողովուրդի մայիսեան յոբելեաններու շքահանդէսին ընթացքին այս տարի նշուեցաւ նաեւ ուշագրաւ ու կարեւոր յոբելեան մը՝ Ուրուկուէյի եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20ամեակը:
Ազգային ժողովի նախագահը նաեւ հաստատեց, որ Ուրուկուէյը մէկն է աշխարհի այն երկիրներէն, որոնք ըմբռնումով եւ համակրանքով կ՛ընկալեն արցախահայութեան ազգային ազատագրութեան ձգտումները, իր կեանքը ինքնուրոյն


կերպով տնօրինելու կամքը, այդ ուղղութեամբ գործադրած հսկայական ու անձնուրաց ջանքերը եւ անոնց արդիւնքը հանդիսացող՝ անկախ պետականութեան կառուցման ակնառու յաջողութիւններն ու ձեռքբերումները: Աշոտ Ղուլեանի համաձայն, այդ ջերմ եւ բարեկամական վերաբերմունքին վկայութիւնն է Ուրուկուէյի խորհրդարանի նախագահ Խորխէ Օրիքոյի եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան Արցախ տուած այցելութիւնն ու անոնց հետ կայացած հանդիպումը։
Ուրուկուէյի խորհրդարանի նախագահը իր կարգին նշեց, որ իրեն եւ իր գործընկերներուն համար շատ հաճելի է գտնուել Լեռնային Ղարաբաղի եւ անոր խորհրդարանին մէջ, ուր իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութիւնը պարտաւորեցնող է: Խորխէ Օրիքոն հանգամանալից կերպով ներկայացուց իր երկրի աշխարհագրական եւ աշխարհաքաղաքական դիրքը, բնակչութեան թուային ու ազգային կազմը: Յատուկ կերպով անդրադառնալով երկրի հայկական համայնքին՝ ան յայտնեց, որ հայերը դէպի Ուրուկուէյ գաղթելու սկսած են նախորդ դարու սկիզբները՝ 1915 թուականէն ի վեր, Հայոց Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք։ Անոր համաձայն, Ուրուկուէյը աշխարհի այն տասնմէկ երկիրներէն է, որ 1920ին կողմ քուէարկած է Ազգերու Լիկա Հայաստանի ընդունման։ Ան հաստատեց, որ այս մէկը լաւ փաստ է հայութեան նկատմամբ իրենց ունեցած վերաբերումին, որ կու գայ նախնիներէն եւ իբրեւ պատգամ կը փոխանցուի յաջորդող սերունդներուն։
«Այն հանգամանքը, որ 1965ին Ուրուկուէյը օրէնքի ուժով ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, իսկութեան մէջ մեր նախնեաց պատգամն էր, զոր կեանքի կոչեցին յաջորդող սերունդները: Եւ ամէն տարի՝ Ապրիլ 24ին, մենք կը հաւաքուինք մեր ժողովրդավարութեան պալատին մէջ՝ խորհրդարանին մէջ ու կը յիշատակենք Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս մէկը կը կատարենք իբրեւ դրսեւորում՝ նահատակներու յիշատակին նկատմամբ մեր ունեցած յարգանքին», յայտնեց Օրիքօն։ Ան դիտել տուաւ, որ Ուրուկուէյի խորհրդարանականներուն նախաձեռնութեամբ Ուրուկուէյի մէջ բացումը պիտի կատարուի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին։
«Մենք խաղաղութեան երկիր ենք եւ խաղաղութեան առաքելութեամբ հոս եկած ենք։ Թէեւ փոքր ազգ ենք, բայց միշտ ազատ զգացած ենք մենք մեզ եւ կը հասկնանք, որ այլ ժողովուրդներ եւս ունին ինքնորոշման իրաւունք ու կայ միջազգային դատարան, որ կրնայ լուծել բոլոր հակասութիւնները: Մենք միշտ կը մտածենք, որ հարցերու լուծման ուղին ազատութիւնն է, որուն կողմնակից եղած ենք միշտ», յայտնեց ան։ Խ. Օրիքօն դիտել տուաւ, որ իւրաքանչիւր կացութիւն ունի իր ինքնուրոյն պայմանները եւ բոլորին համար հասկնալի է, թէ ինչ իրավիճակ կը տիրէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:
«Մենք քաջ կը գիտակցինք, թէ ի՛նչ իրավիճակ կը տիրէ հոս, ուր կը գտնուինք այսօր: Մեր հանրապետութիւնը առայժմ պաշտօնական դիրքորոշում չէ որդեգրած այս առնչութեամբ, բայց մեր մօտ ոչ ոք կը հակադրուի հոս տիրող

իրողութեան։ Մենք կողմնակից ենք հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման եւ պատրաստակամ ենք համագործակցելու այն բոլոր հարցերուն գծով, որոնք կը միտին հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման», հաստատած է Ուրուկուէյի խորհրդարանի նախագահը:
Իր խօսքի աւարտին՝ վերստին շնորհակալութիւն յայտնելով Լեռնային Ղարաբաղ գտնուելուն համար՝ մեծ պատիւ ու յարգանք նկատելով այդ այցելութիւնը, Խ. Օրիքօն նշեց, որ շրջան եկած են զուտ խաղաղութեան առաքելութեամբ՝հաստատելով. «Եթէ մեր կարիքը ունենաք, ապա մենք պատրաստ ենք ձեզի աջակցելու»:
Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ արցախցի եւ ուրուկուէյցի խորհրդարանականներուն հանդիպումը վերջ գտաւ Աշոտ Ղուլեանի եզրափակիչ խօսքով: «Ես գտնում եմ, որ այսօր շատ յիշարժան օր է Արցախի Ազգային ժողովի տարեգրութեան մէջ եւ կարծում եմ, որ մենք ներկայ ենք մի նոր գործընթացի սկիզբն ազդարարող միջոցառման, որն անպայման ունենալու է իր շարունակութիւնը»: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք այս այցելութեան աջակցած էին, յատկապէս յիշելով Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեանը, Արժանթինի եւ Ուրուկուէյի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Մելիքեան, Ուրուկուէյի Հայ Դատի գրասենեակի ներկայացուցիչներ Տիանա Իթութմազեանը, Արփի Հոչաչանեանը, ուրուկուէյցի հայ գործարար Արմէն Զեյթունեանը:
Ապա Ուրուկուէյի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը այցելեց Շուշիի Խաչատուր Աբովեանի անուան դպրոց՝ մասնակցելով «Նուռ» ծրագիրի ներկայացման, իսկ օրուան երկրորդ կէսին ճանաչողական շրջագայութեամբ մեկնեցան Գանձասարի վանք: