ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».– Միացեալ Նահանգներու «Հարվըրտ» համալսարանի Պելֆըրի կեդրոնի աւագ փորձագէտ Սիմոն Սարաճեան «Հաֆինկթըն փոսթ»ի մէջ հրապարակած յօդուածով մը անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի եւ 1962ին Միացեալ Նահանգներու ու Խորհրդային Միութեան միջեւ տեղի ունեցած Քարիպեան հրթիռային ճգնաժամի (Քուպայի ճգնաժամ)՝ մատնանշելով նմանութիւններն ու տարբերութիւնները: Այս մասին գրած է «Թերթ»ը։
Սարաճեան առաջարկած է դասեր քաղել խաղաղ լուծում ստացած երկու գերտէրութիւններու միջեւ եղած ճգնաժամէն:
«Բնականաբար, այս երկու հակամարտութիւններուն միջեւ մեծ հակասութիւն կայ, մասնաւորապէս այն, որ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի զինանոցներուն մէջ միջուկային զէնք չկայ: Բայց կան բազմաթիւ դասեր, զորս Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի հակամարտող կողմերը կրնան քաղել 1962ի ճգնաժամէն», գրած է հեղինակը:
1. Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդները պէտք է վերանային իրենց զինուած ուժերուն՝ չնախատեսուած գործընթացներէն խուսափելու համար, որովհետեւ հակամարտութիւնը կրնայ վերածուիլ պատերազմի: 1962ի ճգնաժամին ընթացքին տեղի ունեցան շարք մը նման գործընթացներ, որոնք Միացեալ Նահանգներն ու Խորհրդային Միութիւնը կրնային տանիլ պատերազմի, օրինակ՝ ռազմական օդուժը միջուկային հրթիռներով զինել ու հրամանատարներուն արտօնութիւն տալ, որ զանոնք օգտագործեն առանց երկիրի ղեկավարի թոյլտուութեան, եթէ ենթարկուին յարձակման եւ կապը ընդհատուի վերադասին հետ:
2. Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտող կողմերը պէտք է յիշեն, որ յարաբերութիւններու սրումը կրնայ ձեռք բերել սեփական տրամաբանութիւնը: Երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճան Քենետին հրամայեց ներխուժել Քուպա, Խորհրդային Միութիւնը կրնար պատասխանել՝ հարուածելով Թուրքիոյ մէջ գտնուող Միացեալ Նահանգներու հրթիռները, այդպիսով հակամարտութիւնը հասցնելով միջուկային պատերազմի. ասիկա, համաձայն Կրահամ Ալիսընի, որ 1962ի ճգնաժամը ուսումնասիրած լաւագոյն գիտնականներէն մէկն է:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդները պէտք է ուշադրութիւն դարձնեն ռազմավարական խաղերուն, որոնք կրնան յանգեցնել ամէնէն վատ բեմագրութիւններու։
3. Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ պէտք է ուղիղ կապ ըլլայ: 1962 Հոկտեմբերին Քենետին եւ Խորհրդային Միութեան քարտուղար Նիքիթա Խրուշչովը ընդունեցին բազմաթիւ կարեւոր որոշումներ, որոնցմով պէտք է չափէին դիմացինին հակազդեցութիւնը, սակայն անոնք անմիջական կապի կարելիութիւն չունէին:
Այժմ, հրապարակայնօրէն Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ ուղիղ կապ չկայ, այսինքն՝ առաջնորդները եւս կարելիութիւն չունին ուղիղ եւ անկեղծ կերպով յարաբերելու. այս մէկը պէտք է ուղղուի։
4. Ո՛չ ատրպէյճանական, ո՛չ ալ հայկական կողմը պէտք է յոյս ունենայ, որ հակառակորդը պիտի ընկրկի: Խրուշչով գիտէր Ամերիկայի գերակայութիւնը միջուկային զէնքի ռազմավարութեան հարցով եւ ետ քաշուեցաւ, երբ Քուպայի ճգնաժամը հասած էր գագաթնակէտին:
Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերէն որեւէ մէկը ռազմական գերազանցութիւն չունի, հետեւաբար, պէտք չէ յոյս ունենայ, որ հակառակորդը ետ պիտի քաշուի՝ հակամարտութեան շիկացման պարագային:
5. Երկու կողմերն ալ պէտք է խուսափին հակառակորդը փակուղի տանելէ: Ճգնաժամի ընթացքին Խրուշչովի ընկրկումը մասամբ արդիւնք էր Քենետիի քաղաքականութեան, որ ճնշում կը բանեցնէր՝ միշտ ձգելով «փրկարար ելք»:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդները պէտք է ոչ միայն կեդրոնանան իրենց այն քայլերուն վրայ, որոնց միջոցով պիտի կրնան փակուղի տանիլ հակառակորդը, այլ նաեւ՝ ինչպէս պէտք է խուսափիլ փակուղիէն:
6. Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդները պէտք է նկատի ունենան շահագրգիռ հիմնական կողմերուն ազդեցութիւնը, ինչպէս Միացեալ Նահանգներ ու Խորհրդային Միութիւն ստիպուած եղան հաշուի առնելու իրենց դաշնակիցները՝ 1962 Հոկտեմբերին:
7. Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդները պէտք է խուսափին արկածախնդրական քայլերէ: Քուպայի մէջ միջուկային հրթիռներ տեղակայելու Խրուշչովի որոշումը վատ կերպով ծրագրաւորուած էր, եւ անոր տապալումը պատճառներէն մէկը եղած 1964ին Խրուշչովի տապալման:
Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի առաջնորդները պէտք է խուսափին արկածախնդրութենէ՝ յիշելով, որ ատիկա կրնայ յանգեցնել ո՛չ միայն տապալման, այլեւ աղէտաբեր հետեւանքներ կրնայ ունենալ իրենց երկիրներուն համար:
Ղարաբաղեան նոր պատերազմը կրնայ աւելի աղէտաբեր ըլլալ, քան 20 տարի առաջ: Կողմերուն ձեռք բերած որոշ զինատեսակներ կրնան կործանարար ըլլալ այդ փոքր ազգերուն համար, ինչպէս 1962ին Միացեալ Նահանգներու եւ Խորհրդային Միութեան միջեւ միջուկային պատերազմը կրնար ազդել անոնց քաղաքացիներուն վրայ:
Քուպայի հրթիռային ճգնաժամի դասերը կրնան օգնել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտող կողմերուն՝ խուսափելու «պատահական» կործանիչ պատերազմէ, եթէ, ի հարկէ, անոնք ուզեն խուսափիլ ատկէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.