ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիոլուր».– Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ հանդիպում՝ աշխատանքի կարիք ունեցող սուրիահայերուն եւ գործատուներու միջեւ: Ներկայ էին նաեւ պետական պատկան մարմիններու ներկայացուցիչները, որոնք ներկայացուցին Հայաստանի առկայ աշխատանքի շուկան, զբաղուածութեան հարցերը եւ ձեռնարկատիրութիւն կատարելու իւրայատկութիւնները:
Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի համաձայն, ի տարբերութիւն պատերազմէն առաջ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան, Հայաստանի մէջ աշխատանքի առումով կան որոշ խնդիրներ:
Արդէն կարելի եղած է լուծել ընդհանուր առմամբ մօտ 150 սուրիահայերու աշխատանքային հարցը: Յատկանշական է, որ գործատուներուն կողմէ ներկայացուած որոշ ծառայութիւններ մատուցուեցան անվճար կերպով: Գործատուները կը շեշտէին, որ պատրաստ են աշխատանքի ընդունելու որակաւոր եւ փորձառու մասնագէտներ:
Նախարարը դիտել տուած է, որ սուրիահայերը անձնական աշխատանքի նախաձեռնել ուզելու պարագային ալ, ուրիշներու մօտ աշխատանք գտնելու իմաստով ալ անոնք մեծապէս պիտի օժանդակեն անոնց։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.