ԻՆՃԻՐԼԻՔ ԽԱՐԻՍԽ, «Էյ.Փի.».- Զինք Աֆղանիստանէն Թուրքիա փոխադրող օդանաւին մէջ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լիան Փընեթա ստորագրեց հրամանագիր մը, որուն հետեւանքով 400 ամերիկացի զինուորներ եւ «Փեթրիըթ» հրթիռներու երկու համակարգեր Աֆղանիստանէն Թուրքիա պիտի փոխադրուին, այդ երկիրը սուրիական հաւանական յարձակումները պաշտպանելու նպատակով: Գերմանիա եւ Հոլանտա, եւս համաձայնած են երկուքական «Փեթրիըթ» համակարգեր ու յաջորդաբար 400 ու 360 զինուորներ տրամադրելու այս նպատակին:
Գերմանիոյ տրամադրելիք համակարգերը հաւանաբար տեղակայուին Մարաշի մօտ, որ 430 հազար բնակչութիւն ունի եւ Թուրքիոյ հիւսուածեղէնի արդիւնաբերութեան կեդրոնը կը նկատուի:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքեց այն պնդումները, թէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանովի յայտարարութիւնը ցոյց կու տայ, որ Ռուսիա փոփոխութեան ենթարկած է Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ իր կեցուածքը՝ աւելցնելով, թէ տագնապը պէտք է լուծուի երկխօսութեան միջոցաւ եւ առանց նախագահը հեռացնելու նախապայմանին: Պոկտանով յայտարարած էր, թէ սուրիական ընդդիմութեան յաղթանակը կարելի չէ բացառել:
Իր կարգին, սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Մոազ Խաթիպ յայտարարեց. «Ընդդիմութեան մարտիկներուն՝ դէպի մայրաքաղաք Դամասկոսի կեդրոն յառաջանալէն ետք, սուրիացի ժողովուրդը այլեւս նախագահ Պաշշար Ասատը տապալելու համար միջազգային ուժերու միջամտութեան կարիքը պիտի չունենայ»:
Ան նշեց, որ իշխանութիւնը յանձնելով՝ երկիրէն հեռանալու շուրջ Ասատի կողմէ որեւէ առաջարկ պիտի քննուի ընդդիմութեան կողմէ, սակայն անկէ առաջ որեւէ երաշխիք պիտի չտրուի նախագահին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.