
Թրքական «Անատոլու» լրատուական գործակալութեան 2012ի լաւագոյն լուսանկարի ընտրութեան մասնակցած է նաեւ թրքահայ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլեր:
«Անատոլու» գործակալութիւնը մրցումին մասին իր լրատուութեան մէջ, հայ վարպետը անուանած է «լուսանկարչութեան ապրող առասպելը»:
Կիւլեր՝ մրցումին ներկայացուած 36 լուսանկարներէն քուէարկած է ի նպաստ Պանկլատէշի մէջ աղօթող մահմետական երեք երախաներու նկարին:
Քուէարկութեան դրուածներուն մէջ է նաեւ լուսանկար մը, ուր Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան կը լուսանկարէ Արա Կիւլերը, մրցանակաբաշխութեան մը ընթացքին: