
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ֆրանսայի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Հրաչ Վարժապետեան «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ գրասենեակը նախորդ տարուան ընթացքին իր կատարած աշխատանքէն դժգոհ չէ, սակայն 2013ին պիտի փորձէ աւելին ընել։ «Հայ Դատի գրասենեակներուն ծաւալած աշխատանքին նպատակը հայ ազգի պահանաջատիրութեան իրականացումն ու հետապնդումն է», նշած է ան: Վարժապետեանի համաձայն, այս ենթախորքէն մեկնած՝ Հայ Դատի ցանցային գրասենեակի առաքելութիւնը, բացի առօրեայ աշխատանքներէն, կը շարունակէ մնալ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի ընդունման խնդիրը, որ բնականաբար մաս կը կազմէ Հայ Դատի հիմնական մեծ օրակարգին եւ միայն ֆրանսահայութեան խնդիրը չէ: «Անիկա թէեւ ըստ էութեան ֆրանսական օրէնք է, սակայն բարոյապէս ամբողջ հայ ժողովուրդին կը վերաբերի: Այս իմաստով մեր աշխատանքները բազմաթիւ են, պէտք է շարունակուին, եւ մենք հետեւողական ենք այս հարցով», դիտել տուած է ան։
Վարժապետեան նշած է, որ թէ՛ ֆրանսական հանրային կարծիքին կողմէ, եւ թէ քաղաքական շրջանակներու մէջ իրենց տարած աշխատանքը կը նկատուի սովորական, առօրեայ աշխատանք՝ միշտ ոչ բաւարար նկատելով, ինքնաքննադատութեամբ մօտենալով: Անոր համաձայն, եթէ ըսուի, որ աշխատանքը բաւարար է, այդ կը նշանակէ արդէն, որ աշխատանքները թուլցած են, ուստի պէտք է մնայուն կերպով աշխատիլ այն գիտակցութեամբ, որ դեռ աւելին պէտք է ընել: Հայ Դատի գրասենեակը իր աշխատանքները կը համադրէ Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ՝ դեսպանութիւններուն միջնորդութեամբ, որոնց հետ գործնական սերտ յարաբերութիւններ կան: Համադրում կը կատարուի նաեւ տեղական եւ Հայ Դատի աշխատանքներուն միջեւ, եւ այս համադրման շնորհիւ է, որ յառաջընթաց կ՛արձանագրուի:
Նախորդ տարին, Վարժապետեանի համաձայն, եղաւ չակերտեալ ձախողած, քանի որ Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ կասեցուեցաւ։ «Միեւնոյն ժամանակ մենք որոշ յաջողութիւն տեսանք Հայ Դատի գրասենեակին համար՝ հայկական լոպիի աշխատանքին առումով, այսինքն, երբ խորհրդարանի զոյգ պալատները՝ Ազգային ժողովն ու Ծերակոյտը մեծամասնութեամբ ընդունած են օրէնքը, պարզ է, որ Հայ Դատի գրասենեակը եւ յանձնախումբը ունին իրենց մեծ դերակատարութիւնը՝ լոպիստական աշխատանքներու առումով», նշած է Վարժապետեան՝ նկատել տալով, որ Սահմանադրական խորհուրդի որոշումը քաղաքական էր եւ այնտեղ թերութեան խնդիր չկայ, որովհետեւ անոր վրայ կարելի չէ ազդել լոպիինկի աշխատանքով։ Գրասենեակի ղեկավարին համաձայն, Ֆրանսայի մէջ Սահմանադրական խորհուրդին վրայ կարելի չէ այդ ձեւով ազդել, որովհետեւ կատարուածը քաղաքական հաշիւներու հիման վրայ է, սակայն այդ մէկը եւս կարելի է յառաջիկային շրջանցել՝ այս անգամ ուղղակի նախագահին հետ յարաբերութիւններու եւ բազմաթիւ քուլիսային աշխատանքներով:
Նախորդ տարի ծաւալած աշխատանքներէն Վարժապետեան ընդգծելի նկատեց Ատրպէյճանի հակաքարոզչութեան դէմ իրենց տարած աշխատանքները, Սաֆարովի հարցով ցոյցերու կազմակերպումը եւ հիմնականին մէջ Ղարաբաղեան հիմնախնդիրի առումով իրենց տարած աշխատանքները, որոնց ճամբով քաղաքական շրջանակներէն յստակօրէն կը պահանջուի Ֆրանսայի կողմէ Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչում: «Այս պարագային, ընդհանրապէս միջազգային հանրութենէն, եւ յատկապէս Ֆրանսայի իշխանութիւններէն կը պահանջենք Լեռնային Ղարաբաղի պաշտօնական ճանաչում, քանի որ ասիկա միակ ձեւն է շրջանցելու եւ աւարտին հասցնելու այս թղթածրարը, այս հակամարտութիւնը», դիտել տուած է Վարժապետեան:
Ան նշած է, որ Հայ Դատի գրասենեակը նաեւ Սումկայիթի հարցերով աշխատանք տարած է, այս դէպքը քաղաքական մակարդակի բարձրացուցած է եւ վերածած պահանջատիրութեան, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 96ամեակին առիթով՝ 24 Ապրիլին համաֆրանսական ցոյցեր կազմակերպած է, Փարիզի մէջ համագաղութային մեծ ցոյցին վերապահելով առիւծի բաժինը, նաեւ կազմակերպչական, ընդհանրապէս քուլիսային աշխատանքները, քաղաքական օղակի եւ մամուլի քարոզչական՝ լրատուամիջոցներուն հետ աշխատանքները համադրելով: