
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Փոխվարչապետ, տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեան տարուան ամփոփիչ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին՝ ի շարս այլ հարցերու եւ ծրագիրներու, պարզաբանումներ տուած է Սիւնիքի մարզին պատկանող արօտավայրերը վարձքով Իրանի Հանրապետութեան տրամադրելու վերաբերեալ:
«Նման գաղափարներ, առաջարկութիւններ առիթից առիթ ծնւում եւ քննարկւում են: Ոչ միայն Սիւնիքի մարզում, այլ նաեւ տարբեր մարզերում օտարերկրեայ տարբեր ներդրողներ, ովքեր ցանկութիւն ունեն Հայաստանում ոչխարաբուծութեամբ, անասնապահութեամբ զբաղուելու, այդ առաջարկութիւններով դիմում են: Սիւնիքի մարզի հետ կապուած այս պահի դրութեամբ նմանատիպ փաստաթուղթ չկայ, ֆորմալ առումով չկայ, շրջանառութեան մէջ դրուած չէ, մարզպետը Իրան չի այցելել», յայտարարած է Գէորգեան՝ աւելցնելով, թէ ամէն ինչ պիտի ընեն, որպէսզի Հայաստանի բոլոր արօտավայրերը առաւելագոյնս արդիւնաւէտօրէն օգտագործուին եւ համապատասխան եկամուտներ ապահովեն համայնքներուն:
Նկատի ունենալով, որ ան յատուկ կերպով ընդգծած է Սիւնիքի մարզի պարագան՝ «Ազատութիւն» կայանի թղթակիցը հարց տուած է, որ արդեօք այլ մարզի առնչուած արօտավայրերու վարձակալութեան հարց գոյութիւն ունի՞:
«Այս պահի դրութեամբ ֆորմալ առումով Վայոց ձորում նման առաջարկութիւն կայ, քննարկւում է, բայց որոշումներ դեռ կայացուած չեն», նշած է նախարարը:
Արօտավայրերը վարձով Իրանին յանձնելու մասին «Ազատութիւն»ը զրուցած է նաեւ Սիւնիքի մարզպետարանի գիւղատնտեսութեան եւ բնապահպանութեան վարչութեան պետ Սամուէլ Թանգեանի հետ:
«Եկել են, հանդիպումներ ենք ունեցել, իրենք ուզում են արօտավայրեր վարձակալել, անասուններ բերեն պահեն, բայց դեռ ընթացքի մէջ է. Սիւնիքից մարզպետի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն պէտք է գնայ Իրան, եթէ հարցը լուծում ստանայ, կը տեղեկացնենք: Այս պահին ընդամէնը իրենց ցանկութիւնն է», դիտել տուած է Թանգեանը. «Իրանից եկել են նահանգապետեր, գործարարներ, ֆերմերներ: Ինչ վերաբերում է պայմաններին, իրենք համաձայն են փոխշահաւէտ պայմանների, այսինքն մեր համայնքներին ինչ արժէքով ձեռք կը տայ տարածքը վարձակալութեան տալ, եթէ իրենց էլ ձեռնտու կը լինի, նոր կը վարձակալեն: Դա պայմանագրով է լինելու»:
Թանգեան դիտել տուած է նաեւ, որ Սիւնիքի մարզպետը Իրան պիտի այցելէ յառաջիկայ տարեսկզբին: Անոր համաձայն, մարզին մէջ կան արօտավայրերու հսկայական տարածքներ, որոնք չեն օգտագործուիր։ «4000-5000 հեկտարի չօգտագործուող արօտավայրեր կան», դիտել տուած է ան։
Վայոց Ձորի մարզպետարանի գիւղատնտեսութեան վարչութեան պետ Բաբկէն Մկրտչեանը եւս «Ազատութիւն» կայանին հետ զրուցելու ընթացքին յայտնած է, որ մարզային իշխանութիւնները յուշագիր ստորագրած են Իրանի Արեւմտեան Ատրպատական նահանգին հետ:
«Մեզ մօտ ոչխարաբուծութեան զարգացման առաջարկութիւն ենք արել իրենց, 2013 թուականին ձնհալից յետոյ, երբ արդէն արօտները նորմալ տեսքի կը գան, իրենք կը գան, կ՛ուսումնասիրեն, ըստ այդմ էլ կ՛որոշեն՝ ոչխարաբուծութիւնը զարգացնել, թէ՞ ոչ: Համաձայնութիւն ունենք նաեւ Սաուդեան Արաբիայի հետ, գործարարը եկել է, նայել է, ընտրութիւն է կատարել, յառաջիկայում նա եւս պատրաստակամ է ոչխարաբուծութիւն զարգացնելու», ըսած է Մկրտչեանը:
Մինչ այդ Վայոց Ձորի մարզի արօտավայրերը վարձակալութեամբ կ՛օգտագործեն Արարատի եւ Արմաւիրի մարզերու գիւղացիները: