ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Կովկասի իսլամներու վարչութեան ղեկավար շէյխուլիսլամ Ալլահշուքիւր Փաշազատէն յայտարարած է, որ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ իր հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ «միայն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմանին վրայ»: Ան այս մասին յայտարարած է «Թուրան» լրատու գործակալութեան թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին:
Փաշազատէն յայտնած է, որ երկու երկիրներու հոգեւոր առաջնորդներուն միջեւ հանդիպումի կայացման գաղափարը նախորդ շաբաթ ներկայացուած է Վրաստանի մէջ՝ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ թեմի ներկայացուցիչներուն կողմէ՝ Վրաստանի պատրիարք Իլիա Երկրորդի յոբելեանի հանդիսութեան ընթացքին: Ան նշած է, որ «իրականութեան չեն համապատասխաներ» այն տեղեկութիւնները, որոնց համաձայն, հայկական կողմը առաջարկած է հանդիպումը կայացնել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Սկզբունքով չառարկելով նման հանդիպման՝ Փաշազատէն ընդգծած է, որ «անիկա կրնայ տեղի ունենալ միայն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմանին վրայ»։
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներ 9 Յունուարին յայտնած են, որ Փաշազատէն Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին առաջարկին պիտի պատասխանէ Ատրպէյճանի բարձրագոյն քաղաքական ղեկավարութեան հետ խորհրդակցելէ ետք:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.