ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 10 Յունուարին ստորագրած է հրամանագիր մը՝ ազատամարտիկներ պարգեւատրելու վերաբերող։ Ըստ անոր, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան համար մղուած մարտերուն ընթացքին ցուցաբերած անձնական խիզախութեան համար եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու 97րդ առանձին հրաձգային ռազմագունդի կազմաւորման 20րդ տարեդարձի առիթով, խումբ մը ազատամարտիկներ պարգեւատրուած են «Մարտական ծառայութիւն» մետալով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.