ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, Յունուար 10ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց Կիպրոսի նախագահ Տիմիթրիս Քրիսթոֆիաս: Նախագահին կ՛ընկերանար նախարարներէ ու երեսփոխաններէ բաղկացած 18 հոգինոց պատուիրակութիւն մը:
Առաջին հերթին, նախագահը ու վեհափառը առանձին հանդիպում մը ունեցան. ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի ու Կիպրոսի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Կիպրոսի յարաբերութեանց եւ կիպրահայ համայնքին եւ ազգային պահանջատիրութեան առնչուած հարցեր:
Ապա վեհարանի դահլիճին մէջ վեհափառն ու նախագահը իրենց ողջոյնի խօսքերը արտասանեցին: Իր խօսքին մէջ, վեհափառը անդրադարձաւ Կիլիկեան շրջանէն սկսեալ հայ եւ կիպրացի ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ յարաբերութեան՝ քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, կրօնական եւ այլ մարզերէ ներս: Վեհափառը յայտնեց, որ Կիպրոսը մնայուն ներկայութիւն եղած է հայ ժողովուրդի կեանքին ու պատմութեան մէջ: Ապա անդրադարձաւ այն իրողութեան, թէ երկու ժողովուրդները եղած են ճակատագրակից՝ ենթարկուելով նոյն ցեղասպան թուրքի հալածանքներուն, բռնագրաւման ու ջարդին: «Այսօր մեր երկու ժողովուրդները պահանջատէր են. մեր դատը արդարութեան դատ է: Երբ թուրքը կ՛ուրանայ իր գործած Ցեղասպանութիւնը, երբ թուրքը կը շարունակէ բռնագրաւումի տակ պահել Կիպրոսի կէսը, միջազգային համայնքը պէտք չէ անտարբեր մնայ միջազգային օրէնքը անտեսող Թուրքիոյ այս քայլերուն նկատմամբ», ըսաւ վեհափառը: Խօսելով կիպրահայ համայնքին մասին՝ վեհափառը իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց պետութեան ցուցաբերած հոգածութեան գծով: Այս ծիրէն ներս, ան նաեւ անդրադարձաւ Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած շրջաններէն ներս գտնուող Ս. Մակարայ վանքին, առաջնորդարանին, եկեղեցւոյ, դպրոցին ու ազգապատկան կալուածներուն, եւ յիշեցուց նախագահին, թէ պէտք է բարւոք լուծում մը գտնուի՝ միջազգային օրէնքի լոյսին տակ, բռնագրաւուած կալուածներու հարցին:
Ապա վեհափառ հայրապետը «Կիլիկեան Իշխան» կարգի շքանշանով պարգեւատրեց Կիպրոսի հանրապետութեան նախագահը:
Խօսք առնելով՝ նախագահը անդրադարձաւ հայ եւ յոյն ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան: Ան ըսաւ. «Ամբողջութեամբ կը բաժնեմ վեհափառին արտասանած խօսքը, երբ ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ հայ եւ յոյն ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան ու նաեւ երկու ժողովուրդներու միացեալ պայքարին՝ ի խնդիր արդարութեան»: Նախագահը լայնօրէն խօսեցաւ Թուրքիոյ կողմէ Կիպրոսի կղզիի գրաւման մասին: «Կիպրոսի գրաւումը կը շարունակուի Թուրքիոյ կողմէ: Թուրքիան նոյնիսկ արգելք կը հանդիսանայ կիպրացի թուրքերուն հետ մեր երկխօսութեան: Թուրքիան վտանգաւոր ծրագիրներ ունի ոչ միայն Կիպրոսի, այլ ամբողջ շրջանին նկատմամբ», ըսաւ Կիպրոսի նախագահը ու աւելցուց. «Հայ եւ յոյն ժողովուրդները զինակից են արդարութեան համար տարուող պայքարին մէջ»:
Նախագահը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Կիպրոսի հայութեան գծով՝ շեշտելով, թէ Կիպրոսի կառավարութիւնը պիտի շարունակէ հետապնդել գրաւեալ շրջաններուն մէջ գտնուող ազգապատկան կալուածներու հարցը:
Հանդիպման աւարտին, վեհափառն ու նախագահը ուղղուեցան Անթիլիասի Մայրավանքի Նահատակաց յուշարձան-մատուռը, ուր վեհափառը հոգւոց արտասանեց մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու հոգիներուն համար եւ լայն բացատրութիւններ տուաւ նախագահին՝ ընդհանրապէս Ցեղասպանութեան ու յատկապէս Տէր Զօրէն Անթիլիաս փոխադրուած նահատակներու աճիւններուն մասին:
Նախագահի ընդունելութեան, վեհափառին կողքին ներկայ էին կաթողիկոսութեան Ազգ. կեդրոնական վարչութեան անդամները, Լիբանանի առաջնորդը, միաբան հայրեր, երեք հայ քաղաքական կուսակցութեանց ներկայացուցիչները, պետական հայ նախարարներ ու երեսփոխաններ:
Նոյն երեկոյեան, Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը, ի պատիւ Կիպրոսի նախագահին, սարքեց ճաշկերոյթ մը, որուն ներկայ եղաւ նաեւ վեհափառ հայրապետը: Նոյն գիշերն իսկ, միօրեայ այցելութեան աւարտին, Կիպրոսի նախագահը վերադարձաւ Կիպրոս:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.