
ՏԻԱՐՊԵՔԻՐ, «Էյ.Փի.».- Հինգշաբթի, Յունուար 17ին, մօտաւորապէս 50,000 սգաւորներ մասնակցեցան Փարիզի Քրտական հիմնարկութեան գրասենեակին մէջ անծանօթներու կողմէ սպաննուած երեք քրտուհիներու յուղարկաւորութեան, որ հակառակ իշխանութեանց մտավախութիւններուն՝ Տիգրանակերտի (Տիար-պեքիր) մէջ իրականացաւ առանց միջադէպի:
Անոնց դիակները Չորեքշաբթի գիշեր օդանաւով բերուեցան Տիարպեքիր, ուր հազարաւորներու կողմէ դիմաւորեցան: «Նահատակները չեն մեռնիր» եւ այլ կարգախօսներու արձակումով, մարմինները փոխադրուեցան հիւանդանոց, ուր մնացին մինչեւ յուղարկաւորութիւն։ Մարմինները նախ Փարիզէն Պոլիս փոխադրուած էին:
Քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութենէն ղեկավարներ ելոյթ ունեցան յուղարկաւորութեան ընթացքին՝ պահանջելով Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի իշխանութիւններէն, որ բացայայտեն ոճիրին ծալքերը՝ միաժամանակ շեշտը դնելով քրտական տագնապին խաղաղ եւ արդար լուծում մը գտնելու կարեւորութեան վրայ:
Քիւրտ ղեկավար Ահմետ Թիւրք նաեւ քննադատեց այն իրողութիւնը, որ մինչ խաղաղութեան բանակցութեանց մասին կը խօսուի, Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը շարունակեն ռմբակոծել հիւսիսային Իրաքի մէջ գտնուող քրտական կեդրոնները:
Յուղարկաւորութեան մասնակիցներուն մէջէն միայն փոքրաթիւ խումբ մը կատարեց վրէժխնդրական կոչեր, որոնց պատասխանեց քրտամէտ կուսակցութեան համանախագահ Սելահետտին Տեմիրթաշ՝ պնդելով. «Հիմա խաղաղութեան ժամանակն է»:
Քրտուհիներու դիակները հողին պիտի յանձնուին անոնց ծննդավայերուն մէջ:
Միւս կողմէ, Հինգշաբթի օր թուրք ոստիկան մը սպաննուեցաւ քրտաբնակ շրջանի մը մէջ: