
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 17 Յունուարին Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւն այցելած է սուրիահայ Մուշեղեաններուն ընտանիքը՝ ներկայացնելու 11ամեայ Սերլի Մուշեղեանի յաջողութիւնները լողի բնագաւառին մէջ: Վերջին 2 ամիսներուն աղջիկը կարելիութիւն ունեցած է անվճար կերպով մարզուելու Դաւիթ Համբարձումեանի անուան ջրացատկի ողիմպիական մասնագիտական մանկապատանեկան մարզադպրոցին մէջ: Մարզումներուն իբրեւ արդիւնք՝ ան Հայաստանի լողի պատանեկան ախոյեանութեան վերջին 4 մրցաշարքերուն յաղթանակ ապահոված է եւ ախոյեան նկատուած։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան՝ շնորհաւորելով պատանի մարզիկը, վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ նման թափով եւ ընթացքով եթէ շարունակէ, Սերլին յաղթանակներ կրնայ արձանագրել նաեւ միջազգային ասպարէզին մէջ: Նախարարը կարեւոր նկատած է այն, որ սուրիահայերը աստիճանաբար կը համարկուին հայաստանեան կեանքին մէջ. ան դիտել տուաւ, որ այս իրողութեան վկայութիւնն է երեխաներու արտադպրոցական առօրեայի կազմակերպումն ու արձանագրուած յաջողութիւնները։
Արդարեւ, սուրիահայ պատանիներուն առիթ տրուած է Դինամօ մարզադաշտին մէջ անվճար կերպով մարզումներ կատարել: Իսկ Դաւիթ Համբարձումեանի անուան ջրացատկի մանկապատանեկան մարզադպրոցի տնօրէնութիւնը՝ ընդառաջելով Սփիւռքի նախարարութեան խնդրանքին, որոշում տուած է սուրիահայ շնորհալի մարզիկներուն յատուկ անվճար մարզումները կազմակերպել: