
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ մայրաքաղաք Սաքրամենթոյի մէջ Հայ Դատի գործիչներու տարեկան հաւաքը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, Ապրիլ 15ին:
Նախորդ տարիներուն, Քալիֆորնիայէն աւելի քան 200 գործիչներ ու համակիրներ մասնակցած են այս հաւաքներուն, որոնց միջոցաւ անոնք մօտէն կը ծանօթանան նահանգային մակարդակի վրայ տարուող քաղաքական աշխատանքներուն, միաժամանակ՝ հաւաքները իբրեւ միջոց կը ծառայեն նահանգային խորհրդարանի անդամներն ու ծերակուտականները ծանօթացնելու հայութիւնը յուզող հարցերուն:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ մասնակցութեան կարելիութեանց համար, դիմել CAstate@ancawr.org հասցէին: