Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրնը՝ Հայաստանի ուժանիւթի նախարարութեան ու Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պաշտօնեաներու հետ ներկայ գտնուած է Հիւլէական փորձաքննութեան տարրալուծարանի բացման, Հայաստանի աթոմակայանին մէջ (ՀԱԷԿ): Հիւլէական ու շողագործօն նիւթերու փորձաքննութիւններու տարրալուծարանը ստեղծուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Հիւլէական մաքսանենգութեան դէմ պայքարի ծրագիրի ու ՀԱԷԿի համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք. անոր նպատակն է Հայաստանի հիւլէական մաքսանենգութեան անդրազգային վտանգներուն արձագանգելու Հայաստանի կարողութիւններու զարգացում:
Տարրալուծարանը կարելիութիւն կու տայ կատարելու յանցանքի վայրէն ձեռք բերուած հիւլէական ու շողագործօն տարրեր ունեցող իրեղէն ապացոյցներու փորձաքննութիւններ ու արհեստագիտական վերլուծութիւններ, որոնք անհրաժեշտ են հիւլէական մաքսանենգութիւն կատարողներուն նկատմամբ քրէական հետապնդում տնօրինելու համար: Տարրալուծարանը Հայաստանին առիթ պիտի տայ հիւլէական նիւթերու անօրինական գործածման հարցերով հետաքննութիւններու բնագաւառին մէջ այլ պետութիւններու հետ աշխատելու: Բացի ատկէ, այս կառոյցին միջոցով աշխատանքներ պիտի կատարուին 2012ին Քորէայի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովին ընթացքին քննարկուած 2010ի Հիւլէական անվտանգութեան վեհաժողովի գործողութիւններու ծրագիրը գործադրելու ուղղութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.