ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Վրաստանի հայ համայնքի գրասենեակը հալէպահայերուն օգնելու նպատակով 29 Յունուարին Թիֆլիսի մէջ պիտի կայացնէ բարեսիրական դասական երաժշտութեան համերգ: Վիրահայոց թեմի մամլոյ դիւանի պատասխանատու Սուսաննա Խաչատրեան «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ «Օգնենք Սիրիայի հակամարտութեան հետեւանքով տուժած Հալէպ քաղաքի հայկական թաղամասի բնակիչներին» բարեսիրական նախագիծէն հաւաքուած գումարը պիտի ուղարկուի Հալէպ: «Համերգը կը կայանայ Թբիլիսիի պետական կոնսերվատորիայի փոքր դահլիճում: Ելոյթ կ՛ունենան ինչպէս վրացի, այնպէս էլ վրացահայ յայտնի կատարողները: Հաւաքուած գումարն ուղղուելու է հալէպահայերին ֆինանսական օգնութեան ցուցաբերմանը», նշած է Սուսաննա Խաչատրեանը:
Նոյն նպատակով 2012ի Դեկտեմբեր 27ին արդէն համերգ մը տեղի ունեցած էր:
Փետրուար 9ին տեղի պիտի ունենայ նաեւ Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» մշակութային կեդրոնի հաշուետու համերգը, որմէ հաւաքուած գումարը եւս պիտի ուղարկուի սուրիահայերուն: «Այս համերգները մենք միշտ անվճար հիմունքներով ենք կազմակերպում, սակայն այս անգամ այն կը լինի վճարովի, որպէսզի կարողանանք գումար հաւաքել: Այդ օրը կ՛ունենանք նաեւ հանգանակութեան արկղ, որտեղ մարդիկ կարող են գումար թողնել՝ կրկին սիրիահայերին օգնելու համար», յայտնած է «Հայարտուն» մշակութային կեդրոնի համակարգող Լեւոն Չիդիլեանը՝ աւելցնելով, որ հաւաքուած գումարը հանդիսատեսին ներկայութեան պիտի հաշուըուի եւ յայտարարուի քանակը: Անոր համաձայն, որոշուած է գումարը ուղարկել Սուրիա, որպէսզի իրենք գնեն իրենց անհրաժեշտ պարագաները՝ դեղորայք, սնունդ կամ այլ անհրաժեշտ իրեր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.