ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբը Իսրայէլի նորընտիր խորհրդարանէն դրական ակնկալիքներ ունի: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ յանձնախումբի պատասխանատու Յակոբ Սեւան յայտնած է, որ թէեւ դեռ կանուխ է յստակ սպասելիքներու մասին խօսիլ, այդուհանդերձ, կարեւոր ու դրական քայլ էր, որ «Մերեց» կուսակցութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը ներկայացնողը, կրկնապատկեց իր ուժը Քնեսեթի մէջ:
Սեւանի խօսքով՝ միւս կուսակցութիւններու պարագային աւելի կարեւոր է, որ շարք մը անձեր եւս, որուն հետ իրենք նախապէս համագործակցած են, անցած են Քնեսեթ ու բաւական լաւ դիրքեր գրաւած:
«Քնեսեթի մէջ յայտնուեցաւ գրեթէ 50 նոր անձ, որոնց մէջ հայամէտ շատ դէմքեր կան. անոնց մուտքը Քնեսեթ դրական կը գնահատենք, եկող ամիսներուն ալ պէտք է աշխատանքներ տանինք Խորհրդարանի նոր անդամներուն հետ: Պէտք է նկատի ունենանք, որ այս ընտրութիւններուն, իբրեւ արդիւնք, բաւական փոխուեցաւ իսրայէլէան քաղաքական քարտէզը», ըսած է Սեւան, նկատելով, որ Խորհրդարանի մէջ ներկայացուածութեան մակարդակով երկրորդ տեղը զբաղեցնող կուսակցութիւնը նոր հիմնուած է: Հայ Դատի յանձնախումբը պատրաստ է անոնց հետ եւս աշխատանքներ տանելու:
«Յառաջիկայ ամիսներուն կրնանք ըսել, թէ, հիմնուելով մեր տարած աշխատանքին հիման վրայ, Քնեսեթի նոր ուժերը որքան կրնան աջակցիլ մեզի: Ամէն պարագայի նորընտիր խորհրդարանէն դրական ակնկալիքներ ունինք», ըսած է ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.