ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ
«Հայց. Եկեղեցին իւր սեփական կանոններով եկեղեցական դասակարգութեան ամենախիստ պահապանն է եղած՝ եկեղեցական բարձրագոյն նշանակութիւն տուած ըլլալով։ Ան ո՛չ նորութեանց ետեւ մոլորեցաւ, եւ ո՛չ բարեկարգութեանց պէտք ունեցաւ, մնալով ինքնանկախ՝ բոլոր եկեղեցեաց վրայ գերազանցապէս փայլելով միշտ»։
Մաղաքեայ արք. Օրմանեան (Մէջբերուած Տ. Զաւէն Ա. քհն. Արզումանեանի յօդուածէն, Նոր Կեանք, 17 Յունուար, 2013)

Առաքելութիւն բառը այստեղ այնքան մը կապ ունի առաքեալներու կամ եկեղեցիներու հետ, որքան որ այդ բառը կը թելադրէ նախագտիչ գաղափարախօսութիւն մը իրագործելու համար անհատի մը կամ անհատներու այն հաստատակամութիւնը, յանձնառութիւնը, որով անոնք ասպարէզ կ՛իջնեն կեանքի փորձաքարին զարնելու իրենց յանձնառութիւնը։ Այս ընդհանրական առաջադրանքներու մէջն է, որ կը նշենք, կը տօնենք ՀՅԴ ծննդեան 122րդ տարեդարձը։ Տարեդարձ մը, որ ո՛չ մոմերով եւ ո՛չ ալ կարկանդակով կը նշուի, որովհետեւ լուսեղէն ճամբան, զոր կտրած է ՀՅԴ, ջահավառուած չէ՝ իր իսկ բնութենէն բխող համեստութենէն։ Պատմութիւն մը, որ 122 տարուան հմայքով, անքակտելիօրէն շաղկապուած է մեր ժողովուրդի քաղաքական յառաջընթացին։ Ժողովուրդին զուգահեռ՝ յաջողութեան հրճուանքը կիսելով, իսկ պարտութեանց դառնութիւնը առանձնութեան մէջ կը կրէ՝ սխալները չկրկնելու լուծումներու որոնումով։
Եթէ որեւէ սխալ պիտի փնտռենք եւ այո, տարեդարձները եղած են նաեւ ճիշդ այդպիսի փնտռտուքներու համար, պիտի երթանք ետ՝ վեց քսանամեակ ու զոյգ մը տարի, երբ ամէնէն ճակատագրական սխալը գործուեցաւ իթթիհատական ոճրամիտ վիժուածքները մարդոց հետ շփոթելով։ Երբ մեր ժողվուրդը բնազդօրէն չէր վստահեր անոնց ազնուութեան, ինչպէ՞ս կարելի էր ըլլալ այդքան միամտօրէն դիւրահաւատ, մանաւանդ երբ զգաստացուցիչ ահազանգներ կային, որպէսզի մտածէին ժողովուրդի պաշտպանութեան մասին։ Եւ ո՜վ հրաշք, կողահերձ կառափնացումէն հազիւ երեք տարի ետք կը կերտէր Սարդարապատի դիւցազնութեան սխրանքը՝ ամրագրելով մեր ժողովուրդի գոյութենական հաստատագիրը։
Գրուած էր նաեւ, թէ Սարդարապատին պիտի յաջորդէին Կարսի անկումը, ազատութեան ժամանակաւոր սանձումը եւ Ալեքսանդրապոլ ու Նոյեմբեր 29։ Արագօրէն ընթացող դէպքերուն ՀՅԴ չէր կրնար, ի վիճակի չէր դիմադրելու, մանաւանդ ի տես հայ զինուորի անըմբռնելիօրէն դաւադիր ընկրկումին՝ Կարսի մէջ, եւ նոյն այդ Կարսի մէջ մեզի պարտադրուած երկրի տարանջատման նուաստացնող եւ իրապէս ամօթալի պայմանագիրի զոյգ իրականութիւններուն։
ՀՅԴ չէր կրնար արգիլել, չէր կրնար այլընտրանքի դիմել երբ այլընտրանք չկար։ Մեր ժողովուրդին եւ ՀՅԴին տրուած էր հանդիսատեսի նուաստացումը միայն։ Այժմ անոր նուաստացնող պայմանները ներկայ պետութեան վրայ կը տարածեն իրենց հսկայական, ահարկու շուքը։
Վերի բնաբանը՝ Օրմանեան պատրիարքի մեր եկեղեցւոյ արժեւորումէն առնուած, թող անտեղի կամ կրօնաբոյր չթուի։ Մէջբերուած է այստեղ, որովհետեւ եթէ մէջէն «եկեղեցի» բառը փոխարինենք «դաշնակցութիւն»ով եւ «եկեղեցական»ը «կուսակցական»ով՝ հասկնալի կ՛ըլլայ մէջբերումին տեղին ըլլալը։ Աւելցնեմ նաեւ, թէ Օրմանեանի սահմանումը մեր եկեղեցիին, սքանչելի է եւ գրեթէ… անսրբագրելի, հակառակ ներկայիս պարզուող շարք մը ոչ բաղձալի երեւոյթներուն։ Այստեղ մասնաւորաբար յատկանշական է հետեւեալ նախադասութիւնը. «Ան ո՛չ նորութեանց ետեւ մոլորեցաւ եւ, ո՛չ բարեկարգութեանց պէտք ունեցաւ, մնալով ինքնանկախ»։
Բացատրեմ։
Յիսնամեակի օրերն էին՝ 1964-1965ին, երբ առիթ եղաւ ծանօթանալու շարք մը դաշնակցական մտաւորականներու։ Փոխադարձ վստահութիւն մը յառաջացաւ եւ ազատօրէն կը զրուցէինք ամէն հանդիպումի։ Այդ առիթները յաճախակի չէին։ Ինչ որ յաճախական էր, իրենց տարօրինակ պահանջն էր՝ տեսնելու կուսակցութիւնը արդիական ժամանակները ցոլացնող, արդիական միջոցառումները օգտագործող, դաշնակցութիւն մը, որ նորարարութիւն կը փնտռէր բայց թէ ինչո՞ւ, յստակ չէր։ Առաջին հերթին, սրտցաւ ու հետաքրքրական կը թուէին այս դիտողութիւնները, մինչեւ որ կարճ ժամանակ մը ետք անդրադարցայ եղած դիտողութեան անհամատեղելի բնոյթին՝ իրականութեան հետ, երբ զրոյցի մը ընթացքին հարց տուի բարեկամներէս մէկուն.
– Կը հասկնամ ըսածներդ։ Բայց արդիականանալու, արդիական միջոցներ գործածելու մասին ըսածներդ անտեղի չե՞ս գտներ։
– Ինչո՞ւ այդպէս կ՛ըսես։ Ժամանակները կը փոխուին, մենք ալ կը փոխուինք, աւելի ճիշդ, պէտք է փոխուինք։
– Շատ ճիշդ, բայց ոեւէ մէկը կ՛արգիլէ՞ քեզի արդիական կարելիութիւնները կիրարկել կուսակցական աշխատանքներուդ մէջ։
Չպատասխանեց։ Այդ մասին մտածած չըլլալո՞ւն համար, թէ՞ առարկութիւնս համոզիչ չգտնելուն։ Չեմ գիտեր։ Գիտեմ սակայն, թէ 122 տարի դիմանալու համար եւ կարենալ պահելու կուսակցական կանոնագրութիւնն ու սկզբունքները, առնուազն կ՛ենթադրէ գաղափարական ամրութիւն ու ժողովուրդէն իրեն հանդէպ տածուած վստահութիւն, անկախ տարբեր ժամանակներու մէջ եղած շարք մը ոչ արմատական փոփոխութիւններէն։
Այս գնահատականով է, որ կը դիմաւորենք ՀՅԴ 122ամեակը։ Պատմական սխրանքներով եւ ուժերու անհաւասարութենէն բխած անխուսափելի յուսախաբութիւններով բեռնաւոր պատմութիւն մը, միշտ ի մտի ունենալով, թէ իւրաքանչիւր անցնող տարի, իւրաքանչիւր իրագործում, նոր պարտաւորութիւններ կը դառնայ յառաջիկային իրականացնելու համար, իրագործումներ, որոնք ակնկալելի են, ստիպողաբար պարտադրելի եւ անկախ թէ ինչպէ՞ս իրականութեան իրաւունք կը ստանան անոնք։
Մեր օրերուն նորութիւն մը կայ, բաւականաչափ կերպով մտահոգիչ նորութիւն, որ անյապաղ լուծումի կը կարօտի։ Անցեալին, Երկրին մէջ ժողովուրդ ունէինք՝ ամրօրէն յենած հայրենական հողին։ Այդ հողի ազատագրման համար ճամբայ ելած էր ՀՅԴն։ Այսօր, Երկիրը մերը չէ՝ բացի շերտէ մը միայն, եւ ժողովուրդը Երկրին մէջ չէ։ Ժողովուրդին կէսը անհետ կորաւ ինչպէս կորսուեցաւ հազարամեակներ դիմացած համամարդկային քաղաքակրթական արժէք ունեցող ազգային, մշակութային ու տնտեսական հրաշալի համագոյքը։ Մեր՝ վերապրողներուս շղթան փրթաւ մեր երկրին ու անոր քաղաքակրթութեան ու մշակոյթին հետ։
Հարիւր տարի ետք, ինչ որ մնացած էր Երկրէն, ինքզինք վերագտաւ, բայց մեր օրերուն ժողովուրդն է, որ փաստօրէն կը փախի Երկրէն։ Քանի մը տարի առաջ, զարմանալիօրէն անիմանալի ու քաֆքայականօրէն անըմբռնելի կարծիք-հաստատումը, թէ երկրէն դեռ շուրջ երկու հարիւր հազար մարդ դուրս պէտք է ելլէ, որպէսզի կարենայ Երկիրը տնտեսապէս զարգանալ, կարելի էր անհեթեթ շաղակրատութեան վերագրել, եթէ զայն արտայայտողը հայրենի պետական դէմք մը չըլլար։
Ահա ուրեմն առաջնահերթ հարցը, որ կը ծառանայ ՀՅԴի առջեւ այս շքեղ տարեդարձի օրերուն: Թէ ինչպէ՛ս ՀՅԴ կը դիմագրաւէ այս մարտահրաւէրը եւ ի՛նչ չափով կը յաջողի կասեցնել ազգաթափման յորձանքը՝ պիտի որոշեն ՀՅԴ պետական մոյնքը, ստանձնած յանձնառութեանց յաջողութեան համաձայն։ Տագնապը նոր է եւ մարտահրաւէրը նետուած է բոլոր կազմակերպութեանց եւ պետութեան երեսին։ Անոնք, որոնք պիտի կարենան վեր կենալ եւ կասեցնել այդ արտահոսքը, պիտի ըլլան արժանի ժողովուրդը առաջնորդել, երկիրը ղեկավարել։ Այս երեւոյթը կը պարտադրէ բոլորին, առաջին հերթին ՀՅԴին, սատարելու եւ դիւրացնելու վերաբնակեցումը արցախեան ազատագրուած տարածքին վրայ։ Արդէն իսկ փոքր թիւով վերաբնակողներ կան, բայց թուաքանակը զգալիօրէն կարելի է բարձրացնել առանց տատամսելու։
Անկախ ասկէ, ազգաթափման ընթացքը իր քաշողականութիւնը կր կորսնցնէ վստահաբար, երբ մեկնողները տեսնեն, թէ կարելի է մնալ երկրին մէջ ու վարել բարեկեցիկ կեանք, նկատի ունենալով աշխատանքի այլընտրանքային բնոյթը։ Կարելիութեան ու իրագործելիի սահմանի մէջն է հիմնումը Գիտութիւններու Ազգային Համակարգին։ Իբրեւ բնօրինակ ունենալով Գերմանիոյ Մաքս Փլանք գիտական հիմնարկութիւնը կամ Միացեալ Նահանգներու Առողջապահութեան Ազգային Հիմնարկը եւ Գիտութեան ազգային հիմնարկութիւնը։ Այսպիսի համակարգի ստեղծումը եւ անոր կեդրոնացումը Սիւնիքի կամ Արցախի մէջ յետագային տարածուելով Հայաստանի տարածքին, լաւագոյն երաշխիքը կ՛ըլլայ հայ գիտնականներուն՝ երկրին մէջ մնալու եւ օգնելու երկրի տնտեսական բարգաւաճման։
ՀՅԴի առջեւ կը ծառանայ նաեւ ժողովուրդը միաւորելու, միասնականացնելու անյետաձգելի պարտաւորութիւնը։ Ատենին, Բ. Աշխարհամարտի օրերուն, Այզընհաուր յայտարարեց. «Եթէ ափրիկեան ծագումով ամերիկացի զինուորը կը կռուի ու կը զոհուի Ամերիկայի պաշտպանութեան համար, պատճառ մը չկայ, որ ան լիիրաւ ամերիկացի չըլլայ»։ Այդ հաստատումով ջնջեց խտրականութեան ապակայունացող հետեւանքները ու նաեւ, ձեւով մը աւետեց վաթսունական թուականներու ամբողջական համարկումը Ամերիկայի բոլոր բնակիչներուն։ Հայաստանի մէջ եւս, բանակը միակ տեղն է, ուր ամէն ինչ կը հաւասարի եւ ամէն տարբերութիւն կը չքանայ։ Զոհաբերումի վերահաս հեռանկարը կը ջնջէ խտրականութեան բոլոր հետքերը։ Կանխելու համար ամբաստանութիւնը, թէ՝ ուրիշներու զաւակները կը միտիմ բանակ ղրկել, ըսեմ, թէ մեր տան մէջ կայ հաւանական երեք թեկնածու։ Անպաշտօն… հարցախոյզի մը ընթացքին երբ իրենց հարցուցի, ամէնէն փոքր տղեկը անմիջապէս պատրաստակամութիւն յայտնեց միակ բառով մը՝ ե՞րբ։ Աղջնակը նոյնպէս։ Իսկ անդրանիկ պատանին, մերժեց՝ բացատրելով, թէ ինք դէմ է զինուորական ծառայութեան, բայց պատրաստ՝ համալսարանի աւարտէն ետք մեկնելու եւ ծառայելու իր մասնագիտական մարզէն ներս։ Ուրեմն, ՀՅԴ կրնայ նախաձեռնել այդպիսի գործընթացի մը հայրենիքի մէջ եւ օրինականացնել սփիւռքի երիտասարդներու մասնակցութիւնը հայրենի զինեալ ուժերէն ներս։ Արդիւնքը կ՛ըլլայ ժողովուրդի ու հաւանաբար նաեւ լեզուի միասնականութիւնը՝ յարաբերաբար բաւականին արագ կերպով։ ՀՅԴ ի վիճակի է այս նախաձեռնութիւնները ստանձնելու եւ հունաւորելու զանոնք եւ յաջողեցնելու։ Գիտեմ, առ այժմ մեր ուշադրութեան կեդրոնը Հալէպն է ու հալէպահայութիւնը, եւ ամէն ինչ կ՛ընենք անոնց անվտանգութիւնը ապահովելու համար։ Հեռանկարները դժուարին օրեր կը թելադրեն։ Բայց ՀՅԴի ուղին ե՞րբ է եղեր այնքան հեշտ ու դիւրին, որ ՀՅԴ կորսնցուցած ըլլար իր կողմնորոշիչ արթնութիւնը հայրենական ու սփիւռքեան իր պատասխանատուութեանց հանդէպ։ Պայքարը այսօր փոխադրուած է քաղաքացիական ասպարէզներու մէջ կատարուող խոյանքին՝ առանց աչքաթող ընելու գիշերուան լուսնի դէմ կաղկանձող օսմանո-ֆաշիստ բորենիներու ոհմակները։ Այլ խօսքով՝ ՀՅԴ ու մեր ժողովուրդը կը դիմագրաւեն միակ ելքով պայմանաւոր ու փորձանքներով ականուած կացութիւն… յաղթանակով։ Մեր ժողովուրդին պարտութիւն բացառուած է, ճիշդ այնպէս, ինչպէս ժողովրդական երգը կը պատգամէ՝ «վեր կա՛ց Շահէն, քաջին քնել չի սազում»։
smargossian@sbcglobal.net
19 Յունուար, 2013
Լոս Անճելըս
Այս Էջը Կը Հովանաւորէ
ՀՅԴ «ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ» ԿՈՄԻՏՈՒԹԻՒՆ