
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ գոյացած «HyeVotes»ը, որ 2012ի ընտրապայքարներու նախասեմին կրցաւ աւելի քան 500 քուէարկողներ արձանագրելով՝ զգալիօրէն բարելաւել հայ քուէարկողներու ուժը, շրջանին մէջ տեղի ունենալիք շարք մը ընտրութեանց սեմին դարձեալ պատնէշի վրայ է, հայութեան առաւելագոյն մասնակցութիւնը ապահովելու նպատակով:
Լոս Անճելըսի, Պըրպենքի, Կլենտէյլի, Փասատինայի եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ շարք մը այլ քաղաքներու մէջ տեղի կ՛ունենան կարեւոր ընտրապայքարներ, ուր հայութեան ձայնը որոշիչ դերակատարութիւն պիտի ունենայ:
Հայ ընտրազանգուածին յաւելեալ մասնակցութիւն ապահովելու նպատակով, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը սկսած է գործակցելու Լոս Անճելըսի քուէարկողներուն հետ կապի համախմբման, որ Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանին ու շարք մը այլ կազմակերպութեանց համախմբում մըն է՝ նպատակ ունենալով աւելի մեծ թիւով քուէարկողներ ապահովել քաղաքի տարածքին:
«HyeVotes»ը նոյն նպատակով մօտէն կը գործակցի շարք մը այլ կազմակերպութեանց հետ, որոնցմէ մէկն է հանրածանօթ «Rock the Vote»ը:
Ընտրութեան մասին հայերէնով տեղեկութիւններու համար, այցելել http://clerk.lacity.org/stellent/groups/departments/@clerk_elections_contributor/documents/contributor_web_content/lacityp_024303.pdf կայէջքը:
Լոս Անճելըսի ընտրութեան համար ընտրական ձեր ճշգրիտ վայրը գիտնալու համար, այցելել www.lavote.net/LOCATOR կայքը: