
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահ՝ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է շարունակելու իր ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման նպատակով. Հինգշաբթի, Մարտ 7ին այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մորնինկսթար, «Ամերիկայի Ձայն» ձայնասփիւռի կայանին հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին:
Անդրադառնալով արդէն իսկ 20 տարիներէ ի վեր շարունակուող ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի միջնորդութեամբ բանակցութիւններուն՝ Մորնինկսթար յայտնած է, որ որոշիչը ոչ թէ բանակցութիւններու ձեւաչափն է, այլ՝ կողմերուն կամքը:
«Գիտեմ, որ Մինսկի խմբակի շրջանակի գործընթացէն հիասթափութիւններ կան, բայց կ՛ուզեմ հարց տալ՝ արդեօ՞ք այդքան կարեւոր է բանակցութիւններու ձեւաչափը: Իրականութեան մէջ կողմերուն համար կարեւորագոյն պահը պիտի հանդիսանայ քաղաքական կամքի գոյացումը՝ վերջնական կարգաւորման հասնելու համար: Այս շատ բարդ հարցերուն նկատմամբ պէտք է կառուցողական վերաբերում ցուցաբերուի», աւելցուցած է Մորնինկսթար: