ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութեան «Երեւանեան բեսթսելլեր» հեղինակային նախագիծով ժամանակակից գրող, արձակագիր Դաւիթ Մկր-Սարգսեանը այս շաբաթուան ամէնէն աւելի գնուած գիրքերու ցանկը կը գլխաւորէ: Անոր «Երկուութիւն» գիրքը առաջին անգամ ըլլալով տեղ կը գտնէ վարկանշային աղիւսակին մէջ: Երկրորդ դիրքին վրայ է ֆրանսացի գրող Անթուան տը Սենթ Էքզիւփերիի «Փոքրիկ իշխանը»: Ցանկին մէջ մնայուն ներկայութիւն եղող Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթները երրորդ դիրքին վրայ են, իսկ «Մատեան ողբերգութեան»ը՝ չորրորդ։ Պրազիլցի ժամանակակից գրող Փաուլօ Քոելոյի «Ալքեմիկոս»ը, որ յատկապէս կը հետաքրքրէ երիտասարդները, հինգերորդ դիրքի վրայ է։ Անոր կը յաջորդէ Սուն Ցզիի «Ստրատեգիայի արուեստը» փիլիսոփայական գիրքը: Ժամանակակից գրող Դաւիթ Մուրադեանի «Երազների մեկնութիւն» գիրքը, որ եօթներորդ դիրքի վրայ է, կրկին առաջին անգամ ըլլալով տեղ կը գտնէ ցանկին մէջ։ Ութերորդ հորիզոնականին վրայ է հայ ժամանակակից գրող Աշոտ Աղաբաբեանի «Մենակը» վէպը, որ արդէն երրորդ անգամ ըլլալով կը յայտնուի ցանկին մէջ: Իններորդ դիրքին վրայ է շուէտացի գրող Աստրիտ Լինտքրենի «Երկարագուլպայ Պիպի»ն: Հայերէնի թարգմանուելէ ետք այս գիրքը մեծապէս հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է դպրոցականներուն մօտ։ «Երեւանեան բեսթսելլեր» նախագիծի ամէնէն աւելի գնուած գիրքերուն ցանկը կ՛եզրափակէ անգլիացի բանաստեղծ ու թատերագիր Ուիլիըմ Շեքսփիրի «Համլէթ» ողբերգութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.