
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի ժողովրդական կուսակցութեան նախագահ Ստեփան Դեմիրճեան կողմնակից չէ ստուերային կառավարութեան ստեղծման։ «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան նշած է, որ շնորհակալ է իր անունը եւս ստուերային կառավարութեան անդամներու ցանկին մէջ նշելնուն համար: «Շատ շնորհակալ եմ նրանց, ովքեր առաջարկել են իմ անունը, բայց ես նման կառավարութեան ստեղծման կողմնակից չեմ, ես այդ գաղափարի կողմնակիցը չեմ», ընդգծած է Դեմիրճեան:
Ան նաեւ յայտնած է, որ իր կուսակցութիւնը պիտի չմասնակցի Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն: «Հայաստանի ժողովրդական կուսակցութեան տեսակէտն այս առումով յստակ է՝ մենք նպատակայարմար էինք համարում միասնական մասնակցել միասնական ուժեղ ցուցակով, սակայն քանի որ դա տեղի չունեցաւ ՀԺԿն չի մասնակցի Երեւանի աւագանու ընտրութիւններին: Դաշնակցութիւն, Ժառանգութիւն, ՀԱԿ եւ ՀԺԿ քննարկումներ եղել են, սակայն համախմբում տեղի չունեցաւ», յայտնած է Ստեփան Դեմիրճեանը:
Նշենք, որ Նիկոլ Փաշինեան 17 Մարտին «Ազատութեան» հրապարակին վրայ հրապարակած էր ստուերային կառավարութեան կազմ՝ նշելով, որ առանձնացուցած է 70 անձերու անուններ, որոնք կրնան ներառուիլ ստուերային գործադիր մարմինի կազմին մէջ: Ան յիշած է կարգ մը անձերու անուններ, իսկ հրապարակը գտնուողներէն մէկը առաջարկած է Ստեփան Դեմիրճեանի անունը: Ի պատասխան՝ Նիկոլ Փաշինեանը նշած էր, որ Դէմիրճեանի անունը եւս կայ 70 հոգինոց ցանկին մէջ: 18 Մարտին Փաշինեան մերժած է մեկնաբանութիւններ կատարել ստուերային կառավարութեան ստեղծման գծով։