ՊԷՅՐՈՒԹ.- Ուրբաթ, 15 Մարտին, ճիշդ այն օրերուն, երբ «Ազդակ» ամբողջացուց իր հիմնադրութեան 85ամեակը, հանդիսաւոր ձեռնարկով մը բացումը կատարուեցաւ «Ազդակ»ի վերանորոգուած խմբագրատան եւ «Ժիրայր Պուտագեան մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոն»ին, որուն հիմնադրութեան նպատակն է առիթ տալ գրասէրներուն եւ յատկապէս երիտասարդներուն «Ազդակ»ի յարկին տակ իրենց պրպտումներն ու ուսումնասիրութիւնները կատարելու:
«Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց «Ազդակ»ի խմբագիրներէն Վահրամ Էմմիեան, որ նման կեդրոնի մը հաստատումը լաւագոյն պսակումը նկատեց յոբելենական տարուան, որովհետեւ այսպիսով իրականութիւն կը դառնայ կարեւոր եւ անյետաձգելի դարձած աշխատանք մը:
Ապա ներկաները դիտեցին «Ազդակ»ի կեանքին 85 տարիները եւ տարբեր խմբագրատուներու երթը ամփոփող տեսաերիզ մը:
Անկէ ետք խօսք առաւ «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, որ դիտել տուաւ, թէ ներկայ ժամանակներու պայմաններուն եւ ստեղծուած կացութիւններուն լոյսին տակ հայ մամուլի որեւէ հաստատութեան առնչուած իրագործում դուրս կու գայ տուեալ թերթի խմբագրութեան սենեակներէն եւ կը տարածուի ամբողջ հայկական լրատուադաշտին վրայ, որովհետեւ այսօր ամէն բան հիմնուած է փոխադարձ համագործակցութեան եւ կարելի եղածին չափ փոխներգործօն յարաբերութիւններու վրայ: «Այս առումով ալ գոյութիւն ունեցող մամլոյ հսկայական արխիւի տրամադրելիութիւնը խիստ անհրաժեշտ հրամայական է հայկական որեւէ լրատուամիջոցի կենսունակ գործունէութիւնը զարգացնելու համար: Մենք արդէն կը խօսինք թէ՛ իբրեւ ձեւ, եւ թէ իբրեւ բովանդակութիւն հսկայածաւալ արխիւային հաւաքածոյի մը մասին, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ մեր ժամանակակից պատմութեան մամլոյ օրական կշռոյթով արձագանգումը», հաստատեց Գանտահարեան՝ աւելցնելով, որ ասիկա կը հանդիսանայ աննկարագրելիօրէն հարուստ շտեմարան:
Լուսարձակի տակ առնելով նման արխիւի կարեւորութիւնն ու զայն ուսումնասիրել փափաքողներու ոչ աննշան թիւը՝ Գանտահարեան յայտնեց, որ ներկայ հանգրուանին աշխատանք պիտի տարուի շուրջ 90ամեայ «Ազդակ»ի արխիւներու թուայնացման ուղղութեամբ, անոնք պիտի դառնան որոնողական եւ պիտի դրուին ուսումնասիրել փափաքողներու տրամադրութեան տակ: Շահան Գանտահարեան աւելցուց, որ տարբեր արխիւային կեդրոններու եւ ելեկտրոնային գրադարաններու հետ պիտի սկսին արխիւային նիւթերու փոխանակման համագործակցութիւններ:
Ապա այս առիթով յղուած Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի ողջոյնի եւ շնորհաւորութեան խօսքը ընթերցեց Հայաստանի վարչապետի օգնական Նարեկ Գալստեան:
Սարգիս Պուտագեան կատարեց 5 Մարտ 1927ին լոյս տեսած «Ազդակ»ի առաջին թիւին թուայնացումը:
Անկէ ետք խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, որ անդրադառնալով ներկայիս հայ մամուլին դիմագրաւած տարբեր դժուարութիւններուն՝ դիտել տուաւ, որ անիկա նաեւ պարտաւոր է մնայուն կերպով նոր ծրագիրներ մշակելու, նոր աշխատանքներու ձեռնարկելու եւ իր յարկին տակ ապահովելու ներկայութիւնը աշխատակիցներու եւ երիտասարդներու: Շեշտը դնելով դաշնակցական մամուլին վրայ՝ Յ. Մխիթարեան նշեց, որ հոն պէտք է ստեղծուի ազգային–գաղափարական մտածողութիւն, բան մը, որ «Ազդակ» իր հիմնադրութենէն ի վեր կ՛աշխատի պահել: Ան հաստատեց, որ յաջորդական Կեդրոնական կոմիտէներ միշտ նեցուկ կանգնած են օրաթերթին՝ իբրեւ կուսակցութեան գործունէութիւնը արտացոլող հայելի, երիտասարդներու դարբնոց: Ան շեշտեց, որ այս նոր կեդրոնը կոչուած է նոր աւիշ, եռանդ եւ կենսունակութիւն տալու 85ամեայ օրաթերթին, որովհետեւ երիտասարդները անցեալը ուսումնասիրելով պէտք է կերտեն ապագան:
Յաջորդ խօսք առնողն էր ՀՅԴ Արեւմտէան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփէան, որ իր խօսքին մէջ յատկապէս լուսարձակի տակ առաւ մեկենասութեան մերօրեայ ըմբռնումը՝ հետեւողականութիւն եւ յանձնառութիւն, գուրգուրանք եւ գործունէութեան վերահասու ըլլալ, ինչ որ լաւապէս կ՛արտացոլայ Սարգիս Պուտագեանի մօտ: Ան դիտել տուաւ, որ պարզ զուգադիպութիւն չէ, որ այս հոգածութիւնը Ս. Պուտագեան կը տածէ «Ազդակ» օրաթերթին նկատմամբ, որովհետեւ մերօրեայ կեանքին մէջ, մամուլին ապրած երկունքի օրերուն ասիկա թերթին կարեւորութիւնը շեշտող եւ անոր վստահութեան քուէ տուող երաշխիք է: Վ. Յովսէփեանի համաձայն՝ համացանցի առկայութիւնը այսօր առիթ տուած է, որ «Ազդակ»ը դառնայ համազգային թերթ, որ ունի ազգային ժառանգութիւն, որուն պահպանման իմաստով «Ժիրայր Պուտագեան» կեդրոնը իր դերակատարութիւնը պիտի ունենայ:
Ապա իր սրտի խօսքը արտասանեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ լուսարձակի տակ առաւ սփիւռքի կեանքին մէջ լիբանանահայ գաղութին ունեցած դերակատարութիւնը՝ իբրեւ հոգեւոր կեանքի, հայու լուսաւորչական միտքը սնող երակ՝ հաստատելով, որ գաղութի կառոյցներու գոյատեւման եւ յառաջդիմութեան մէջ իրենց դերակատարութիւնը ունին անխոնջ գործունէութիւն տանող նուիրեալներ: Այս ծիրին մէջ անդրադառնալով «Ազդակ»ին դեսպան Քոչարեան հաստատեց, որ այս օճախին մէջ միշտ կը պահպանուին հայկական ոգին, լեզուն, մշակոյթն ու աւանդութիւնները, կը ծաւալի ազգանուէր եւ հայապահպանման գործունէութիւն՝ ի նպաստ ազգային ու մշակութային կեանքի վերելքի, ինչպէս նաեւ այս եարկին տակ առկայ է սէր ու հաւատարմութիւն հայութեան եւ հայրենիքին նկատմամբ: «Համոզուած եմ, որ կեդրոնը պիտի ծառայէ իր ազգանուէր նպատակներուն, համահայկական եւ համամարդկային խնդիրներու խոր ուսումնասիրութիւններու եւ միջազգային հանրութեան զանոնք համապարփակ ձեւով ներկայացնելու», յայտնեց դեսպանը: Այս առիթով, անդրադառնալով նման կեդրոնի մը իրականացման իմաստով Սարգիս Պուտագեանի նուիրատուութեան կարեւորութեան՝ ան սփիւռքի նախարարութեան բարձրագոյն՝ ոսկէ, մետալը յանձնեց բարերարին: Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան լուսարձակի տակ առնելով մերօրեայ կեանքին մէջ տիրող քիչ մը մշուշոտ իրականութիւնը, լաւատեսութեան նուազումը, հաստատեց, որ այսօր նման ուսումնասիրութեան կեդրոնի մը հիմնումը կու գայ յոյս ներշնչելու, ապագային նկատմամբ հաւատք փոխանցելու, որովհետեւ ասոր կարեւորութիւնը մեծ պիտի ըլլայ լիբանանահայ տարեգրութեան մէջ:
Իբրեւ երախտագիտութիւն՝ «Ազդակ»ի նկատմամբ ցուցաբերած յատուկ վերաբերումին եւ տուեալ կեդրոնի հիմնադրութեան հովանաւորութիւնը ստանձնելուն համար՝ «Ազդակ»ի տնօրէն Շահան Գանտահարեան «Ազդակ»ի յուշանուէրը յանձնեց տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Ժիւլի Պուտագեաններուն:
Աւարտին իր սրտի խօսքը արտասանեց նորաբաց կեդրոնի հովանաւոր Սարգիս Պուտագեան, որ դիտել տուաւ, թէ իրեն տրուած մետալը կը պարտի «Ազդակ»ին եւ Դաշնակցութեան՝ ուրախութիւն յայտնելով այն առնչութեամբ, որ «Ազդակ»ի տնօրէնութեան ու անձնակազմին հետ օրաթերթի պատմութեան մէջ նոր ուղի կը բանայ: Ան յիշեց իր մեծ մայրը՝ Սիրուհի Պուտագեանը, որ իր կեանքին ու գործունէութեան հիմնական ներշնչողն էր, եւ որ յաճախ իրեն ըսած էր, թէ պէտք է միշտ իր առօրեայէն բաժին հանէ իր դպրոցին, եկեղեցւոյ եւ պատկանելիութեան. յանձնարարական մը, որ ինք կը փորձէ կատարել իր կեանքին ընթացքին, եւ որուն դրսեւորումը եղած է «Ազդակ»ին նկատմամբ ցուցաբերած իր զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը:
Ներկաները նաեւ լսեցին Հայաստանի Հանրապետութէան սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի պատկերասփռուած ուղերձը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.