
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2013ին, համայն հայութիւնը ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս աշխարհի պիտի նշէ Հայկական Ցեղասպանութեան 98րդ ամեակը:
Լոս Անճելըսի եւ անոր շրջակայքը գտնուող հայութիւնը եւս կը պատրաստուի դարձեալ ոգեկոչելու մեր 1.5 միլիոն նահատակներու սուրբ եւ անմոռաց յիշատակը, Մոնթեպելլոյի «Պիքնել Փարք»ի Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ:
Յուշահանդէսի պաշտօնական բաժինը պիտի սկսի կէսօրէ ետք ժամը ճիշդ 1:30ին. ընթացքին տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ մասնակցութեամբ գաղութի բոլոր յարանուանութեանց հոգեւոր մարմիններու, նաեւ պատգամներու փոխանցում՝ հայ եւ օտար քաղաքական դէմքերու ու ապա՝ ծաղկեփունջի զետեղում տարբեր կազմակերպութիւններու կողմէ:
Յուշահանդէսի կազմակերպութիւնը ստանձնած է Հայկական Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելըսի միացեալ մարմինը: Սոյն մարմինը կազմուած է հայ գաղութին մէջ գործօն դերակատարութիւն ունեցող աւելի քան 50 միութիւններէ եւ կազմակերպութիւններէ:
Հայկական Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելըսի միացեալ մարմինը սոյն հաղորդակցութեամբ կոչ կ՛ուղղէ շրջանի բոլոր հայորդիներուն, որ խուռներամ ներկայ գտնուին յուշահանդէսին, ինչպէս նաեւ մասնակցութիւն բերեն գաղութին մէջ կազմակերպուող ու Մեծ Եղեռնին նուիրուած բոլոր միջոցառումներուն: Իսկ, այն կազմակերպութիւնները, որոնք կը փափաքին մաս կազմել Միացեալ մարմինին, սակայն ցարդ առիթը չեն ունեցած մասնակից ըլլալու անոր աշխատանքներուն, կը խնդրուի, որ կապուին Գործադիր մարմինին հետ՝ հետեւեալ հասցէով. secretary@uacla.com:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՄԱՐՄԻՆ