
ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիօլուր».– Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը արդէն ներկայացուցած է 5 Մայիսին կայանալիք Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու իր նախընտրական ծրագիրը: Կուսակցութիւնը Երեւան քաղաքի աւագանիի ընտրութեան կը մասնակցի՝ առաջնորդուելով կուսակցութեան ծրագրային հիմնադրոյթներով, որոնց մէջ հիմնական է Երեւանի ընկերային-տնտեսական, կրթական, քաղաքաշինական, մշակութային , ժողովրդագրական համալիր ծրագիրը։
Կուսակցութիւնը Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու նախընտրական աշխատանքներուն համար հաստատած է աւելի քան 160 ղեկավարման մարմին: Անհրաժեշտութեան պարագային այդ թիւը կրնայ աւելնալ։ «Ռատիօլուր»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս տեղեկութիւնները փոխանցած է Ազգային ժողովի ԲՀԿ խմբակցութեան քարտուղար Նայիրա Զոհրաբեանը: Ներկայացնելով նախընտրական քարոզարշաւի իրենց մարտավարութիւնը՝ ան դիտել տուած է, որ անիկա կազմուած է 12 քարոզչական խումբերէ: