ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿի գաղթականներու հարցով ընդհանուր ներկայացուցչութիւնը յայտնեց, որ խորապէս մտահոգ է հարաւային Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող օդային եւ հրետանիով ռմբակոծումներով, որոնք աւելի մեծ թիւով սուրիացիներ կը մղեն ապաստանելու Յորդանան, ուր արդէն իսկ մօտաւորապէս կէս միլիոն սուրիացի ապաստանած է:
ՄԱԿի ներկայացուցիչ Էնտրու Հարփըր, Յորդանանի մօտ դեսպաններու հետ միասին սուրիացի գաղթականներու մէկ գաղթակայանը այցելութեան ընթացքին յայտնեց, որ Յորդանան կը պատսպարէ 500,000 սուրիացի գաղթական, որոնցմէ 400,000ը ՄԱԿի ներկայացուցչութեան մօտ արձանագրուած է: Ան կոչ ուղղեց միջազգային համայնքին, որ Յորդանանին յաւելեալ աջակցութիւն ցուցաբերէ, որպէսզի Ամման կարենայ սուրիացի գաղթականներու հոսքը լաւապէս դիմակայել:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.