ԹԵԼ ԱՒԻՒ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Պենի Կանց «Իսրայէլի Ձայն» կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Իսրայէլեան բանակը կրնայ առանձնաբար հարուածել Իրանի հիւլէական կեդրոնները, եթէ այդ ուղղութեամբ որոշում մը որդեգրուի: Բանակը զինուորական կարողութիւններ ունի եւ նկատի կ՛ունենայ այդպիսի հարուածի մը հաւանական հակազդեցութիւններն ու հետեւանքները»:
Կանց յայտնեց նաեւ, որ անհրաժեշտ է իրանեան թղթածրարը դիտել ռազմավարական դիտանկիւնէ: Ան զգուշացուց, որ «Համաս»ի հետ գոյացած զինադադարի խախտումներուն շարունակումը կրնայ առաջնորդել Կազայի դէմ զինուորական նոր գործողութեան մը:
Կանց նաեւ բացառեց Արեւմտեան Ափի մէջ երրորդ «ինթիֆատա»ի (ապստամբութիւն) մը ծագման կարելիութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.