ՆՈՐԹ ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող Նոր Կիրակի օրը, Ապրիլ 7, Նորթ Հոլիվուտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ համար խանդավառ ու ոգեւորիչ օր մը եղաւ։ Այդ օրը Ծխական շրջանի համայնքը կը վայելէր ներկայութիւնը առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, որ եկած էր իր ներկայութեամբ անգամ մը եւս պատուելու այս նորահաստատ համայնքը, Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցանելու եւ իր հայրական պատգամը փոխանցելու։
Պատարագը սկսաւ կ.ե. ժամը 2ին։ Ս. խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր մատակարար Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, սարկաւագներ, ուրարակիրներ եւ դպիրներ։
Իր քարոզին բնաբանը առնելով Նոր Կիրակիին նուիրուած շարականի բառերէն, որ Քրիստոսո՛վ վերանորոգուելու հրաւէր է՝ առաջնորդը ըսաւ. «Նոր Իսրայէլ, քրիստոնեայ ժողովուրդներ, Քրիստոսի յարութեամբ նոր կեանքով նորոգուածներ, նորոգուեցէ՛ք այսօր, եւ յաւիտեան Տէրը փառաւորեցէք»։
Արդարեւ, Քրիստոս իր յարութեան յաջորդող քառասուն օրերուն ընթացքին, յաճախ երեւցաւ իր աշակերտներուն եւ հետեւորդներուն, զանոնք օրհնեց, քաջալերեց եւ Աւետարանը տարածելու առաքելութեան պատրաստեց։ Սկզբնապէս Քրիստոսի Յարութեան աւետիսը տարակուսանքով ընդունող աշակերտներ, հրէից կողմէ հալածական, վախի ու սարսափի էին մատնուած։ Անոնք պահուըտած վերնատունը, դռներն ու պատուհանները փակած, աղօթքի եւ սպասումի պահեր կ՛ապրէին։ Յարութեան երեկոյեան, Յիսուս առաջին անգամ յանկարծ ներս մտաւ, ողջունեց զիրենք եւ ցոյց տուաւ իր վէրքերը։ Առաքեալները սարսափած, սակայն մեծ ոգեւորութեամբ լեցուեցան։ Յիսուս օրհնեց եւ պատուիրեց երթալ բոլոր ազգերուն եւ ժողովուրդներուն քով, Իր Աւետարանը տարածել, մեղքերու թողութիւն տալ եւ Ս. Երրորդութեան անունով մկրտել բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատան. այս ըսելով՝ իր շունչը անոնց վրայ փչեց, ապա աներեւութացաւ։ Ներկայ առաքեալները աւելի ուշ Թովմաս առաքեալին պատմեցին, թէ յարուցեալ Տէրը տեսան. ան չհաւատաց ու ըսաւ. «Մինչեւ որ գամերուն հետքերը չտեսնեմ անոր ձեռքերուն մէջ ու ձեռքս չդպցնեմ անոր կողին՝ չեմ հաւատար»։ Ութ օր ետք, երբ աշակերտները դարձեալ վերնատունը հաւաքուած էին եւ Թովմասն ալ ներկայ էր, Յիսուս փակ դռներէն ներս մտաւ, ողջունեց բոլորը եւ ըսաւ Թովմասին. «Եկո՛ւր եւ մատներովդ շօշափէ վէրքերս եւ թերահաւատ մի՛ ըլլար»։ Թովմաս ստուգելէ ետք Յիսուսի ձեռքերուն եւ կողին վէրքերը՝ բացագանչեց. «Տէ՛րս եւ Աստուա՛ծս»։
Առաջնորդը շարունակեց. «Ս. Յարութեան յաջորդող Նոր Կիրակին, կամ Կրկնազատիկը, ընդհանրապէս քրիստոնէական եկեղեցւոյ ու յատկապէս հայ եկեղեցւոյ համար Քրիստոսի մահուան վրայ տարած յարութենական յաղթական կեանքի շեփորումն ու պանծացումն է։ Կրկնազատիկ կը կոչուի, որովհետեւ Յարութեան եւ Զատիկի դէպքերուն վերարժեւորումն ու վերայիշատակումն է անիկա։ Յարուցեալ Տէրը եւ Փրկիչը աշխարհի, այնպէս, ինչպէս վերնատան մէջ առաքեալներուն եւ Թովմասին ինքզինք յայտնեց, նոյն ձեւով ալ այսօր այցի կու գայ Եկեղեցւոյ եւ քրիսոնեայ աշխարհին, քաջալերելու եւ հաւատքի մէջ զօրացնելու Իր բանաւոր հօտը։ Նոր Կիրակին նաեւ մեր թեմին համար «Մանուկներու Օր» է։ Յիշեցում է մեր ծնողներուն, թէ գարնան այս եղանակին, իրենց սիրասուն մանուկներու գարուն կեանքը Քրիստոսի նուիրելու, քրիստոնէական հաւատքով եւ արժէքներով դաստիարակելու ու շնորհքներով աճելու առիթ մըն է։ Ասոր համար, մեր թեմի բոլոր Կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտները, ինչպէս նաեւ Նորթ Հոլիվուտի Կիրակնօրեայի աշակերտներ, այսօր եկեղեցի եկած են Քրիստոսի Յարութեան լոյսով լուսաւորուելու, վերանորոգ կեանքի ընծայուելու, զԱստուած փառաւորելու եւ Ս. հաղորդութիւն ստանալու»։
Ապա սրբազանը շնորհաւորեց Նորթ Հոլիվուտի ծխական շրջանի հիմնադրութեան չորրորդ տարեդարձը, գնահատեց հայր Միւռոնը, հոգաբարձութեան, երեսփոխաններու, տիկնանց միութեան եւ յարակից մարմիններու ներդաշնակ ճիգերն ու աշխատանքը, օրհնեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտութիւնը եւ ներկայ ուխտաւոր հաւատացեալները՝ մաղթելով, որ ծխական այս շրջանը մօտ ատենէն սեփական եկեղեցիով եւ մնայուն հոգեւոր հովիւով օժտուի:
Յաւարտ Ս. պատարագի, եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատշաճ յայտագիր եւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին, ելոյթ ունեցան Կիրակնօրեայի աշակերտները։ Ողջոյնի, բարի գալստեան եւ շնորհակալութեան խօսք արտասանեցին Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետուհի Սեդա Դարբինեանը եւ երեսփոխան Խաչիկ Թիթիզեանը:
Յանուն Նորթ Հոլիվուտի ծխական շրջանին, Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան հայկական եկեղեցւոյ մանրատիպ յուշանուէր մը յանձնեց առաջնորդին։
Սրբազանի գնահատանքի եւ օրհնութեան խօսքերէն ետք, «Պահպանիչ»ով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգով աւարտեցաւ հանդիսութիւնը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.