
ԵՐԵՒԱՆ.– Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը հրատարակած է պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մելինէ Անումեանի «Ճանաչում եւ դատապարտում. երիտթուրքերի դատավարութիւնները (1919-1921թթ. եւ 1926թ.)» գիրքը:
Մենագրութիւնը նուիրուած է 1919-1921 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան Ռազմական արտակարգ ատեաններուն մէջ հայերու տեղահանութեան եւ կոտորածներու մեղադրանքով յարուցուած դատական գործերու եւ 1926 թուականին Թուրքիոյ Անկախութեան դատարաններուն մէջ կայացած երիտթուրքերու դատավարութիւններու ուսումնասիրութեան:
Գիրքի առաջին բաժինին մէջ ներկայացուած է քաղաքական մթնոլորտը Թուրքիոյ մէջ՝ Մուտրոսի զինադադարի կնքումէն ետք, ինչպէս նաեւ՝ հայերու տեղահանութեան եւ կոտորածներու խնդիրի քննարկումները օսմանեան մամուլին եւ երկպալատ խորհրդարանին մէջ, 1918 թուականի վերջերուն: Հեղինակը այս բաժինին մէջ կ՛անդրադառնայ նաեւ այն հետաքննութիւններուն, որոնք Հայոց Ցեղասպանութեան պատասխանատուներուն հաշուոյն կատարուած են Թուրքիոյ մէջ՝ նշեալ ժամանակահատուածին:
Երկրորդ բաժինին մէջ կ՛ուսումնասիրուի 1919-1921թուականներուն հայերու տեղահանութեան եւ կոտորածներու մեղադրանքով Պոլսոյ Ռազմական արտակարգ ատեաններուն մէջ քննուած դատական գործերը եւ 1919-1920 թուականներուն երիտթուրքերու դատավարութիւնները:
Երրորդ բաժինին մէջ անդրադարձ կը կատարուի 1923-1926 թուականներուն Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած քաղաքական զարգացումներուն: Հեղինակը կը ներկայացնէ ազգայնական պայքարին մէջ էական դերակատարութիւն ունեցած երիտթուրքերուն՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հռչակումէն ետք ընդդիմութեան ճակատին վրայ յայտնուելուն պատճառները եւ հանրապետութեան նախագահ Մուսթաֆա Քեմալի դէմ ծրագրուած Իզմիրի մահափորձը: Երրորդ բաժինին մէջ ուսումնասիրուած է նաեւ 1926ին Թուրքիոյ Հանրապետութեան անկախութեան դատարաններուն մէջ քննուած Իզմիրի մահափորձի եւ Անգարայի կամ «Սեւ աւազակախումբ»ի դատական գործերը: Վերջին բաժինով հեղինակին կողմէ համեմատութիւն կը կատարուի երիտթուրքերու 1919-1921 թուականներու եւ 1926 թուականի դատավարութիւններուն միջեւ եւ կ՛ընդգծուի Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքական կեանքին մէջ, գաղափարախօսութեան եւ պետական կառավարման մէջ իթթիհատական աւանդոյթի պահպանման փաստը: