ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Կեանքը կը պարտադրէ որ յաճախ վերյիշենք թրքական այն առածը, որ պիտի ըսէր՝ «Ուսումը տգիտութիւնը կը տանի, իշութիւնը առկայ կը մնայ»:
Ժողովրդական ընդարձակ պարէնին (շտեմարանին-Խմբ.) մէջ մէկ այլ օրինակ է սրտացաւ հօր այն խօսքը, որ որդւոյն կ՛ուղղէ. «Որդի՛ս, ես չէի՞ ըսած, որ արքայ չես կրնար ըլլալ»:
Երկրի (Թուրքիոյ-Խմբ.) քաղաքական անցուդարձներն ու այդ բոլորին մէջ քաղաքական դերակատարներու վարքը ակամայ մեզ մատնեցին (մղեցին-Խմբ.) այս խորհուրդներուն:
Մեզ՝ սովորական մահկանացուներուս համար իրաւ արժանիք մը հանդիսացող «մարդկութիւն»ը ինչո՞ւ շատ անգամ այսքան հեռու կը մնայ իբրեւ թէ երկիրներ , ժողովուրդներ ղեկավարելու ելած մահկանացուներուն համար: Ի՞նչ կրնայ ըլլալ պատճառը: Արդեօ՞ք իրենց գտնուած բարձունքէն կը տարուի՞ն ու կը մոռնա՞ն թէ մարդ են:
Պահ մը թողունք երկրին օրակարգը եւ յիշենք պատմութեան նոր կամ հին էջերը: Ինչպէ՞ս այդքան դիւրին պիտի ըլլար բազմահազար կեանքէր խլել, եթէ այդ հրամանը արձակողը պահ մը ուշքի գար ու մտածէր, որ ինք ալ հասարակ մահկանացու մըն է: Բայց ո՛չ, կ՛երեւի մարդկային բնազդի շեղեալ կողմերէն մէկն է, որ դիւրաւ պիտի այլասերի, երբ փոքր կամ մեծ իշխանութիւն մը ձեռք բերէ:
Վերադառնանք մեր օրերուն եւ դիտենք երկրի օրակարգը: Վարչապետ Էրտողան իր գերման պաշտօնակիցը ընդունեց երկրի կրօնական փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Այսպէսով առիթ ընծայեց, որ տիկին Մերքել անձամբ շփուի իրենց հետ եւ լսէ անոնց հարցերը: Բայց երբ ասորիներու եպիսկոպոսը խօսեցաւ իր վարած վանքին՝ Միտեաթի Մօր Կապրիէլին ենթարկուած անիրաւութիւններուն մասին, վարչապետը անհանգստացաւ. չկրցաւ հանդուրժել իր ներկայութեամբ կատարուած ընդվզումին: Քանի մը վայրկեան ետք ալ Հէյպելի կղզիի յունաց դպրեվանքի վերաբացման համար չվարանեցաւ փոխադարձ պահանջներ ներկայացնելու:
Այսպէս է տիրակալին հոգեբանութիւնը: Ինք անօրէն ու ապօրէն կը յափշտակէ, յետոյ վերադարձնելու համար ալ փրկագին կը պահանջէ: Այդ բոլորէն վերջ եթէ վերադարձուց, այս անգամ ալ երախտիք, շնորհակալիք կակնկալէ: Յանկարծ եթէ յանդգնիս Հօճա Նասրէտտինի կորած իշուն պատմութիւնը յիշել, այս անգամ ալ ապերախտութեամբ պիտի մեղադրէ:
Միթէ պետական նախարար Էկէմէն Պաղըշի կեցուածքը տարբե՞ր էր, երբ Շուէտի մէջ կը եանդգնէր ասորի համայնքի ներկայացուցիչները գիջութիւն ընելով մեղադրել, պարզապէս, պարզապէս անոր համար որ պահանջատէր են Սէյֆոնի, այսինքն ասորիներու ցեղասպանութեան:
Աւելի չերկարենք սա տհաճ օրինակները եւ աւարտենք ժողովրդական մաղթանքով «Էշ թող չըսեն, գէշ թող ըսեն»:
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ Պոլսոյ մէջ հրատարակուող «Ակօս» թերթի հայերէն բաժնի խմբագիրն է