– Ապրիլ 25ին, իսրայէլեան օդուժը զգետնած է առանց օդաչուի օդանաւ մը, որ կը կարծուի, թէ «Հըզպալլա»ի համար լրտեսութիւն կատարող սարք մըն է: Միջադէպը տեղի ունեցած է հիւսիսային Իսրայէլի մէջ:
– 2007էն ի վեր, Միացեալ Նահանգներ գտնուող ապօրինի ներգաղթողներուն թիւը նուազած է 900,000ով:
– Ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի կատարած հարցախոյզի մը՝ հանրապետականներուն մօտաւորապէս 60 տոկոսը համաձայն է գաղթականական այնպիսի օրէնքի մը, որ քաղաքացիութիւն կը շնորհէ ներկայիս Միացեալ Նահանգներ գտնուող ապօրինի գաղթականներուն:
– 1970էն ի վեր, Միջին Արեւելքի մէջ կանանց երկարակեցութիւնը 16.9 տոկոս աճած է, մինչ Ափրիկէի Սահարայէն հարաւ գտնուող շրջաններուն մէջ 0.95 տոկոսի նուազում արձանագրուած է:
– Միացեալ Նահանգներու սեւամորթներուն 58 տոկոսը համաձայն չէ այն պնդումին, թէ ցեղային խտրականութիւնը անցեալին կը պատկանի: Այդ համեմատութիւնը 34 տոկոս է սպիտակամորթներու մօտ, իսկ սպանախօսներու մօտ՝ 32 տոկոս:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.