
Ապրիլ ամսուան ընթացքին հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի թեմաներուն շուրջ տեղի ունեցած հայկական վարժարաններու 8րդ կարգի աշակերտութեան զարգացման մրցումը կրկնակի իմաստ կ՛ունենայ, որովհետեւ 13-14 տարեկան պատանի-պարմանուհիներ երկար ժամեր տրամադրելով՝ իրենց առօրեայ դասերուն կողքին նման ծանր յանձնառարութիւն մը կը ստանձնեն։ Անոնք սորվելով հայոց ազգի ծագումէն մինչեւ նորօրեայ թուականները տեղի ունեցած պատմական կարեւոր իրադարձութիւնները՝ ապահոված կ՛ըլլան անոնց անմահութիւնը եւ փոխանցումը մեր յաջորդ սերունդին, այդ ալ՝ մեր Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ամսուան ընթացքին։ Սոյն ձեռնարկը մասնակցող բոլոր աշակերտներուն մօտ մեր ազգի պատմութեան եւ աւանդին հանդէպ սէր ու յարգանք կ՛արթնցնէ, եւ յոյսով ենք, որ անոնցմէ ոմանց մօտ այն աստիճան հետաքրքրութիւն ստեղծէ, որ մղէ զիրենք մասնագիտանալու պատմագիտական նիւթերու մէջ։
Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ գործող ութ հայկական վարժարաններէն 32 աշակերտներ ներկայացան «Արարատ տուն», Միշըն Հիլզ, Ապրիլ 14ին, մասնակցելու համար սոյն հաստատութեան կազմակերպած Հայոց պատմութեան զարգացման մրցումին։
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Ա. եւ Մ. Յովսէփեան վարժարանի աւարտական ութերորդ կարգէն մասնակցեցան հետեւեալ 4 աշակերտները՝ Սարին Բամբալեան, Գարոլին Մարտուրեան, Մեղեդի Մանոյեան եւ Ալէք Կիւմիւշեան, ու անոնք հանդիսացան առաջին՝ ապահովելով առաւելագոյն 99 կէտէն 97ն։ Այս աշակերտներուն մղիչ ուժն ու մարզիչը ուսուցչուհի Լիզա Մանոյեանն էր, որուն ջանքերն ու տրամադրած աշխատանքը պսակուեցան յաջողութեամբ։
Տեղին է նշել, որ վերջին չորս տարիներուն ընթացքին «Յովսէփեան»ի աշակերտները երրորդ անգամն ըլլալով կը հանդիսանան առաջին։
Երախտապարտ ենք «Արարատ տան», Արշակունի ամոլին եւ Մեկի Մանկասարեան-Կոսչինին, որոնք յաջորդական 14րդ տարին ըլլալով՝ իրականացուցին այս մրցանքը, որ կը միտի աշակերտներուն մօտ մրցակցութեան ոգին արթնցնելու կողքին՝ հայ գրականութեան եւ պատմութեան մասին կարեւոր գիտելիքներ փոխանցելու։
Այս մրցանքին առաջին հանդիսանալով՝ աշակերտները վարժարանին ապահովեցին նաեւ հազար տոլարի նիւթական մրցանակ մը, իսկ իւրաքանչիւր աշակերտ ստացաւ Մեծն Տիգրանի օրերուն գործածուած մետաղադրամէն կրկնօրինակներ։
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)