ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 3 Մայիսին Շուշի քաղաքին մէջ մասնակցած է արուեստի կեդրոնի եւ հոն նշանաւոր քանդակագործ Նիկոլայ Նիկողոսեանի յոբելենական ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:
Նախագահը երախտագիտութիւն յայտնած է բարերարներ Սերգէյ, Կարօ եւ Կամօ Սարգսեաններուն՝ այս ծրագիրը ֆինանսաւորելնուն համար ու կարեւոր նկատած է արուեստի կեդրոնի գործունէութիւնը Շուշիի մէջ՝ նշելով, որ անիկա մեծապէս պիտի նպաստէ քաղաքին մէջ մշակոյթի զարգացման, այս ասպարէզին մէջ տարբեր քաղաքներու եւ երկիրներու հետ կապերու ամրապնդման:
Նոյն օրը նախագահ Սահակեան մասնակցած է Շուշիի նորակառոյց մարզադաշտի բացման: Երկրի ղեկավարը շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանին՝ նախագիծի իրականացման համար, նշելով, որ նման մարզական կառոյց մը կարեւոր է մատաղ սերունդի առողջ դաստիարակութեան համար: Յատկանշական է այն, որ խաղադաշտը ոչ միայն կարելիութիւն պիտի տայ ֆութպոլի խաղեր կայացնելու, այլ նաեւ 410 համակիրներու առիթ պիտի տայ հետեւելու խաղերուն՝ համապատասխան թրիպիւններուն շնորհիւ։
Ձեռնարկներուն կը մասնակցէին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, պաշտօնատար այլ անձնաւորութիւններ, հիւրեր Հայաստանէն եւ արտերկրէն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.