
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր տարեկան ճաշկերոյթն ու երկու տարին անգամ մը կազմակերպուող գիտաժողովը տեղի պիտի ունենան Գոհաբանութեան օրուան շաբաթավերջին, Լոս Անճելըսի մէջ:
Վերջին անգամ, երբ այս երկու ձեռնարկները միաժամանակ տեղի ունեցան, անոնք ի մի բերին աւելի քան 1300 հոգի: Երկու տարի առաջ տեղի ունեցած Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդրանիկ գիտաժողովին մասնակցած էին խումբ մը մտաւորականներ, գործիչներ արուեստագէտներ, արհեստավարժներ ու մասնագէտներ՝ լաւապէս տպաւորելով եւ քաջալերելով ձեռնարկին մասնակիցները, որոնք Միացեալ Նահանգներու տարածքէն Լոս Անճելըս ժամանած էին:
Անդրանիկ ձեռնարկի յաջողութենէն ստեղծուած բարձր ակնկալիքներուն հասնելու եւ առաջինին իրագործումները գերազանցելու նպատակով աշխատանքը արդէն իսկ սկսած է, որպէսզի կարելի ըլլայ իրականացնել կարծիքներու ջերմ փոխանակումներով ու ընկերային հաճելի պահերով լեցուն շաբաթավերջ մը:
Սոյն նախաձեռնութեանց մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ աստիճանաբար պիտի հաղորդուին մամուլին միջոցաւ: