Գիտնականներու կամ գիտական հիմնարկներու կողմէ, իրենց ուսումնասիրութեանց համար համացանցին միջոցաւ դրամահաւաք կատարելու արշաւներուն մասին կատարուած ուսումնասիրութեան մը մէջ, հեղինակաւոր «Նէյչըր» շաբաթաթերթը իր Մայիս 2ի թիւին մէջ անդրադարձած է նաեւ հայկական «Արփա» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ Յունուարին սկսած համացանցային դրամահաւաքի այն արշաւին, որուն նպատակն էր Հայաստանի մէջ DNA ուսումնասիրութեան արդիական կեդրոնի մը հաստատումը:
Համացանցային «indiegogo» կայքին միջոցաւ իրականացուած արշաւին նպատակն էր գոյացնել առնուազն 25,000 տոլար, որ կէս գումարն է DNA-ի ուսումնասիրութեան գործիքի մը, որ այս ծրագիրին առաջին քայլը պիտի ըլլայ: Կարելի եղած է գոյացնել 27,515 տոլար:
Թերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին, Քալիֆորնիոյ Թարզանա քաղաքը հաստատուած «Արփա» հիմնարկի նախագահ դոկտ. Յակոբ Փանոսեան խօսած է նման արշաւներու դիմագրաւած դժուարութեանց մասին՝ նշելով, թէ աւելի դիւրին է գումարներ հաւաքել որբերու կամ մարդասիրական այլ նպատակներու, քան գիտական ծրագիրներու համար:
Յօդուածը կարդալու համար, այցելել www.nature.com/naturejobs/2013/130502/pdf/nj7447-147a.pdf կայքէջը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.