
ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը ընդունած է Հայաստանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Կոնստանթին Օպոլենսքին, որ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը աւարտեց Հայաստանի մէջ։
Զրուցակիցները կարեւոր նկատած են Սիւնիքի մարզին մէջ իրականացուող գիւղական համայնքներու եւ անասնապահութեան զարգացման ծրագիրները, որոնց նպատակը ագարակներու տնտեսութիւններուն աջակցիլն է:
Դեսպանը տեղեկացուցած է, որ Զուիցերիոյ կառավարութիւնը այս ծրագիրին իրականացման նպատակով 2013ին յատկացուցած է 8 միլիոն տոլար՝ նախորդ տարուան 4 միլիոնին փոխարէն:
Դեսպանը կարեւոր նկատած է յատկապէս երկկողմանի տնտեսական կապերու սերտացումը եւ յոյս յայտնած, որ նորաստեղծ հայ-զուիցերական առեւտրային պալատը իր գործունէութեամբ նոր թափ պիտի հաղորդէ երկու պետութիւններուն միջեւ առեւտրաշրջանառութեան յաւելման: