Պոլսահայ երգչուհի Էրլին Թոմաօղլուի «Ձիւնի փաթիլ» երգի տեսահոլովակը արդէն քանի մը օրէ ի վեր կը ցուցադրուի թրքական «TRT Muzik» պետական պատկերասփիւռի կայանէն:
Անիկա առաջին արեւմտահայերէն տեսահոլովակն է, որ սկսած է ցուցադրուելու թրքական պետական պատկերասփիւռի կայանէն:
Հայերէն երգը կը ներկայացուի թրքերէն ենթախորագիրներով:
«Այս բանը շատ կը ցանկայի, քանի որ կ՛ուզէի, որ երգս հասկնան ոչ միայն հայերը, այլ նաեւ թուրքերը: Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերուն համար շատ կարեւոր եւ ուրախալի է իմ տեսայոլովակին հեռարձակումը TRT-ի եթերով: Շատ ուրախ եմ», ըսած է Էրլին Թոմաօղլու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.