ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ռուսիոյ հետ սահմանակից Ատրպէյճանի հիւսիսային եւ հիւսիսարեւմտեան շրջաններուն մէջ այս շաբաթասկիզբը սկսած են Ռուսիա-Ատրպէյճան ապահովական միացեալ գործողութիւններ:
Ատրպէյճանի ներքին գործոց նախարարութեան համաձայն, միացեալ գործողութեան կը մասնակցին Ռուսիոյ իրաւապահ մարմինները: Շրջանին մէջ նոր պահակակէտեր տեղակայուած են, իսկ ոստիկանութեան աշխատակիցները մանրամասն կերպով կը զննեն ինքնաշարժներով շրջան մուտք գործող եւ շրջանէն դուրս եկող բոլոր անձերը:
Շրջանի ոստիկանութեան ներկայացուցիչները հաստատած են միացեալ գործողութիւններ կատարելու փաստը, սակայն մերժած են այլ տեղեկութիւններ տրամադրել:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.