
ՊԱՔՈՒ, ԹԵՀՐԱՆ.- Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Էլման Ապտուլլայեւը՝ կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին քննած են երկկողմանի յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր եւ կարծիքներ փոխանակած են շրջանային նշանակութիւն ունեցող շարք մը խնդիրներու վերաբերեալ: Զրոյցը տեղի ունեցած է իրանեան կողմին նախաձեռնութեամբ: Սալեհի նաեւ մօտիկ ապագային Ատրպէյճան այցելելու ցանկութիւն յայտնած է:
Միւս կողմէ, Իրանի նախագահի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ ընդունած է Ատրպէյճանի մէջ տեղակայուած Կովկասի իսլամներու վարչութեան նախագահ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը:
Ահմատինեժատ հանդիպումին ընթացքին նշած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ կապը հիմնուած է երկար տարիներու բարեկամութեան, կրօնքի եւ սիրոյ վրայ, եւ այդ պատճառով ալ անոնք տարբեր են այլ երկիրներու հետ կապերէն: Իրանի նախագահը նաեւ նշած է, որ Իրան եւ Ատրպէյճան միշտ աջակցած են իրարու, սակայն կան ուժեր, որոնք կ՛ուզեն վնասել երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն: