ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Ի վերջոյ, Սփիւռքի մէկ անկիւնը համայնք մըն է ընդամէնը Կլենտէյլի հայութիւն կոչուած հաւաքականութիւնը: Բայց տեսէք, թէ ի՛նչ խիզախութիւն կը ցուցաբերէ, ի՛նչ յանդգնութիւն՝ թէ՛ քաղաքական-հասարակական եւ թէ մշակութային ոլորտներու մէջ:
Տեղական ընտրութիւնները այնքան ալ հեռու անցեալ չեն, որ մոռնանք, թէ ինչպէ՛ս այս համայնքը կրցաւ տեղական ընտրութիւններուն պատուաբեր արդիւնք ապահովել՝ ընտրելով քաղաքապետական խորհուրդի երկու անդամներ, քաղաքի գանձապետ, քաղաքապետարանի քարտուղար, կրթական մարմինի անդամներ:
Այս ընտրութեանց պտուղներէն մէկը՝ ոչ այնքան համեստ իրագործում մըն է, որ քաղաքի դպրոցներուն մէջ Ապրիլ 24ը կը դարձնէ ոչ աշխատանքային կամ ոչ դպրոցական օր՝ ի յարգանս Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Կարեւոր այս իրագործումին կրնան յաջորդել ուրիշներ, տարբեր մարզերու մէջ, մեր համայնքին ապահովելով իր թիւին, իր կազմակերպուածութեան համապատասխան վերաբերում:
Մշակութային գետնի վրայ, մէկ կողմէ «Լարք»ը՝ իր երաժշտական բարձրամակարդակ դպրոցի, այլեւ համալսարանի յաւակնութիւններ արդարացնող արտադրութեամբ ու ելոյթներով, Իրանահայ ու Իրաքահայ միութիւնները՝ իրենց երգչախումբերով, իսկ միւս կողմէ՝ անհատական թէ միութենական թատերախումբերը ու երգի-պարի համոյթները, կրնան լուրջ վէճի մէջ մտնել շրջանս մշակութային անապատ հռչակողներուն հետ:
«Լարք»ն ու մշակութային այս միութիւնները, որոնց շարքին իր ուրոյն տեղը սկսած է վերագրաւելու նաեւ Համազգայինի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղը, սկսած են մեզ զարմացնելու իրենց նախաձեռնած յանդուգն քայլերով, որոնցմէ վերջինը՝ Իրանահայ միութեան երգչախումբի ու անոր խմբավար արուեստագէտ Միքայէլ Աւետիսեանի ներկայացուցած «Անուշ» օփերան է (թղթակցութիւնը տես էջ..):
Գոհացա՞ծ ենք: Անշուշտ ո՛չ: Այս, ինչպէս մեր բոլոր միւս համայնքներուն մէջ, աւելին կրնան ընել, վստահաբար: Աւելի լաւ կազմակերպուիլը բանալին է բոլոր յաջողութիւններուն: Մեր պարագային, երբ մեզ բարոյալքելու, յուսահատութեան տանելու գործօնները այնքա՛ն շատ են, այնքա՛ն հզօր, պէ՛տք է գտնենք յաղթանակներու, յաջողութիւններու ծածկագիրը, գաղտնիքը, որ մեր նուիրումին, մեր համոզումներուն ուժով պայմանաւորուած չէ միայն, այլ՝ իր կողքին կարիքն ունի համախմբան, կազմակերպուածութեան, տաղանդի ու անշուշտ… դարձեա՛լ նուիրումի եւ… յանդգնութեան:
Ապրի՛ք: