
ԹՐԻՓՈԼԻ, «Ռոյթըրզ», «Ազդակ».- Թրիփոլիի մէջ Երեքշաբթի, Մայիս 21ի երեկոյեան արձանագրուած բուռն բախումներէն ետք, Չորեքշաբթի առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ շրջանին մէջ տիրեց զգուշաւոր հանդարտութիւն մը, որ սակայն ընդմիջուեցաւ արձակազէններու կրակոցներով: Սակայն, հակառակ լիբանանեան բանակին ջանքերուն, բախումները վերսկսան Հինգշաբթի օր եւ ընթացքին դարձեալ հրթիռներ օգտագործուեցան՝ առնուազն 5 զոհ եւս խլելով:
Կիրակի օր սկսած բախումները, որոնք իրարու դէմ կը հանեն Սուրիոյ իշխանութեանց եւ ընդդիմութեան համակիրները, ցարդ 18 զոհ խլած են եւ պատճառած 170է աւելի վիրաւորներ: Բախումներուն պատճառով սպաննուած են նաեւ լիբանանեան բանակէն երկու զինուորներ:
Հակառակ հիւսիսային Լիբանանի մէջ գործող տարբեր ղեկավարներու կողմէ կացութիւնը հանդարտեցնելու ճիգերուն՝ արձակազէնները կը շարունակեն իրենց գործը:
Լիբանանեան բանակը ստիպուած է փակելու Թրիփոլիի Զահիրիայի մայրուղին եւ Մալլուլէի հրապարակը տանող փողոցը, որոնք ենթակայ էին արձակազէններու կրակոցներուն:
Նշենք, որ Թըպպանէի մօտ «Ճազիրա» պատկերասփիւռի կայանի անգլերէնով լրատուութեան բաժանմունքի թղթակիցները եւս ենթարկուած են կրակոցներու:
Միւս կողմէ, Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Ռիֆաաթ Իտ խոստացաւ յանձնառու մնալ զինադադարին եւ վերջ տալ հակադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ ենթարկուիլ բանակի հրահանգներուն՝ փորձելով հանդարտեցնել կացութիւնը: Պապ Թըպպանէի ղեկավարութիւնը ընդվզեցուցիչ նկատած են Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան տեղեկատուութեան պատասխանատու Ապտել Լաթիֆ Սալեհի կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ պիտի «կտրեն այն ձեռքը, որ կ՛երկարի Ժապալ Մըհսենի վրայ»:
Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայէզ Ղոսըն յայտարարեց, որ բանակը Թրիփոլիի մէջ հսկայական աշխատանք կը տանի՝ աւելցնելով, որ բանակին արտօնուած է լիբանանեան բոլոր շրջանները մուտք գործել: Ան կոչ ուղղեց բոլորին ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնները եւ վերջ տալու Թրիփոլիի ապահովութիւնը խախտող քայլերուն:
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի յայտնեց, թէ երկիրը կը գտնուի վտանգաւոր անկիւնադարձի մը վրայ: «Տարիներէ ի վեր լուռ կը գործենք, երկխօսութիւն կը կատարենք՝ պահպանելու համար երկիրին կայունութիւնը: Սակայն մեր լռութիւնը, ըստ երեւոյթին, սխալ կը թարգմանուի: Հետեւաբար, կը հաստատենք, որ բանակը լուռ պիտի չմնայ զինք թիրախ դարձնելու արարքներուն դիմաց», շեշտեց զօր. Քահուաժի:
Իր կարգին, հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ հանգրուանը արտակարգ է եւ ճակատագրական. ան աւելցուց, որ բանակը բացարձակ իրաւասութիւններ ունի երկրին կայունութիւնը պահպանելու առումով:
Նաեւ, նախագահ զօր. Միշել Սլէյման այս կապակցութեամբ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատարին, զօր. Քահուաժիի եւ ապահովական այլ պատասխանատուներու հետ՝ շեշտելով Թրիփոլիի կացութիւնը հակակշիռի տակ առնելու կարեւորութիւնը, միաժամանակ ընդգծելով այլ շրջաններու մէջ բախումներուն առաջքը առնելու անհրաժեշտութիւնը: