ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– 3 Յունիսին Հայաստանի Գրողներու միութեան դահլիճին մէջ կազմակերպուած է «Նպաստենք սահմանամերձ գիւղի վերականգնման» խորագիրով բարեսիրական համերգ: Համերգին հիմնական նպատակն էր հանրութեան ներկայացնել սահմանամերձ գիւղերէն հանդիսացող Տաւուշի մարզի Վազաշէն գիւղի հիմնախնդիրները: Համերգին ընթացքին հաւաքուած է 208 հազար դրամ եւ 100 տոլար: Այս մասին «Փանորամա»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է «Հայ Ձմեռ պապ» բարեգործական հիմնադրամի տնօրէն Արմինէ Պետրոսեանը:
Համերգը կազմակերպած էին «Հայ Ձմեռ պապ» բարեգործական հիմնադրամը, երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեանը, «Արս լունգա» կազմակերպութիւնը, «Նարեկացի» նուագախումբը, Հայաստանի Գրողներու միութիւնը:
Ա. Պետրոսեանի համաձայն, հաւաքուած գումարը պիտի տրամադրուի Վազաշէնի մէջ մեղուաբուծութիւնը զարգացնելու ծրագիրին: Ան յայտնած է, որ «Հայ Ձմեռ պապ»ը եւ «Օրանժ»ը սկսած են իրականացնելու փոխանցիկ մեղուաբուծութեան համայնքային ծրագիր: Փեթակներ, ուսուցում, գործիքներ, դեղեր, խորհրդատուութիւն կը տրամադրուին վազաշէնցի 7 ընտանիքներու: Ծրագիրին յաջողութեան պարագային այս ընտանիքները երկու տարիէն իրենց ստացածին չափ գիւղական ներդրում պիտի փոխանցեն 7 այլ ընտանիքներու, որոնք իրենց հերթին՝ 7 ուրիշներու, եւ այսպէս շարունակաբար։
Ատրպէյճանի սահմանէն 18 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող գիւղին մէջ ո՛չ միայն անգործութիւն եւ արտագաղթ կայ, այլ նաեւ՝ ընկերային ծանր վիճակ եւ ապահովական հարցեր։ 1992ին ռմբակոծուած մանկապարտէզի շէնքը մինչեւ հիմա տակաւին այդ վիճակին մէջ է: «Յոյսի կամուրջ» կազմակերպութիւնը նորոգած է առաջին յարկի մէկ հատուածը՝ զայն վերածելով ընտանիքի եւ երեխայի աջակցութեան կեդրոնի. հոն գիւղի երեխաներուն մէկ մասը ցերեկային ժամանց կ՛ունենայ: Նախադպրոցական տարիքի 50 երեխայ եւ անոնց ծնողները անհամբեր կը սպասեն այն օրուան, երբ պիտի կարենան յաճախել վերականգնուած մանկապարտէզ:
«Մենք ունենք Լոս Անճելըսի «Էֆ.Սի.Էն.» կազմակերպութեան խոստումը՝ կահաւորել ռմբակոծուած մանկապարտէզի ապագայ շէնքը: Մնում է միայն մի փոքր մանրուք՝ կառուցել այն», դիտել տուած է «Հայ Ձմեռ պապ» բարեգործական հիմնադրամի տնօրէնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.