
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Եթէ մենք չզօրակցենք մեր երկրի ազատամարտիկներին, էլ ում կամ ինչին պէտք է զօրակցենք այլեւս», Ազատութեան հրապարակին վրայ «Երկիր»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է երգիչ, երգահան Վահան Արծրունին, որ հոն կը գտնուէր նստացոյց կատարող ազատամարտիկներուն զօրակցելու:
Ան հաստատած է, որ իրեն համար գերագոյն արժէք է մեր յաղթանակը, մեր անկախութեան սկիզբը, գերագոյն արժէք են այդ անկախութիւնը երաշխաւորող ազատամարտիկները. ըստ անոր, ինք այս համոզումը ունի ո՛չ միայն այն պատճառով, որ շատ լաւ ազատամարտիկ ընկերներ ունի եւ շատ լաւ ընկերներ կորսնցուցած է, այլ նաեւ այն պատճառով, որ մեր կեանքին մէջ կան բացարձակ արժէքաւոր բաներ: «Այս երկրի պետականութիւնն է միանշանակ արժէք, մեր երկրի սահմաններն են եւ այդ գաղափարները, այդ հասկացութիւնը կրողները, այսինքն՝ ազատամարտիկները, որը ենթադրում է հանրութեան մէջ արտօնեալ կարգավիճակ: Որովհետեւ իր արեամբ, իր ընկերների կեանքի գնով մենք ունենք այն, ինչ ունենք, այսինքն՝ սեփական պետութիւն», դիտել տուած է Վահան Արծրունին:
Ան նշած է, որ կարելի է խորանալ այն նիւթին մէջ, պատմական օրինակներ բերել՝ Հռոմի պատմութենէն սկսելով մինչեւ ռուսական պետութեան վերաբերմունքը իրենց վեթերաններուն նկատմամբ, թէ ինչպիտի մեծարանք կար եւ կայ, ինչ ձեւերով եւ ինչ ուղիներով պետութիւնը այդ արտօնեալ կարգավիճակը կը պաշտպանէ:
«Եւ կարելի է հակառակ օրինակներով առաջնորդուելով՝ քանդել այդ հասկացութիւնը, այդ մտայնութիւնը եւ այդ վերաբերմունքը՝ օրինակներ բերելով այն խայտառակ իրավիճակները, որոնց մէջ են մեր երկրի ազատամարտիկները: Եւ այսօրուայ ցոյցը, այս մարդկանց ծայրայեղ սոցիալական վիճակը, ծայրայեղ քաղաքացիական վիճակը վկայում է դրա մասին», ընդգծած է երգահանը: