– Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ Յունիս 6ին ատրպէյճանցի զինուոր մը իր զինակիցը սպաննած է եւ այդ կապակցութեամբ հետաքննութիւն սկսած է:
– Ատրպէյճանական «1news.az» կայքը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Պաքուի մէջ տեղի ունեցող Ուժանիւթի միջազգային խորհրդաժողովին առիթով շնորհաւորական ուղերձ մը յղած է նախագահ Իլհամ Ալիեւին. ուղերձը ընթերցուած է դեսպան Ռիչըրտ Մորնինկսթարի կողմէ: Ուղերձին մէջ Օպամա ընդգծած է. «Կ՛ուզեմ գիտնաք, թէ Ատրպէյճան Միացեալ Նահանգներու նման հաւատարիմ գործընկեր ունի: Մենք կ՛ակնկալենք, որ Ատրպէյճանի հետ մեր համագործակցութիւնը երկարատեւ ըլլայ»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.