
ԹՐԻՓՈԼԻ, «Տէյլի Սթար».- Հինգշաբթի, Յունիս 6ին, զինեալներ անգամ մը եւս յայտնուեցան հիւսիսային Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքը՝ զայրացած Քուսէյր քաղաքին մէջ Սուրիոյ իշխանութեանց ընդդիմացող զինեալներուն կրած պարտութենէն: Անոնք անիւներ հրկիզելով՝ ճամբաներ փակեցին եւ քաղաքին հին շուկային մէջ խանութպաններուն պարտադրեցին, որ փակեն իրենց կրպակները, մինչ լիբանանեան բանակը կը փորձէր կացութիւնը հակակշիռի տակ պահել:
Բանակը Չորեքշաբթի օր հաղորդագրութեամբ մը յայտարարած էր, թէ վճռած է կայունութիւնը վերահաստատել յատկապէս Թրիփոլիի մէջ բախումներու բեմ դարձած Ժապալ Մըհսենի եւ Պապ Թըպպանէի մէջ:
Հաղորդագրութիւնը բնակիչներէն պահանջած է գործակցիլ բանակին հետ եւ դիւրացնել անոր առաքելութիւնը: